Դժբախտ Պատահար` Հանրապետական Կուսակցութեան Հանրահաւաքին Ընթացքին
Երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կազմակերպած հանրահաւաք-համերգին ընթացքին այրեցան կազով լեցուած տօնական փուչիկները: Փուչիկներու բռնկումին վայրին մէջ գտնուողները ստացան տարբեր մարմնական վնասուածքներ եւ տեղափոխուեցան Երեւանի հիւանդանոցները: Ըստ ականատեսներու, քանի մը տասնեակ մարդիկ տարբեր աստիճանի այրուածքներ ստացան: Նախնական տուեալներուն համաձայն, Երեւանի տարբեր հիւանդանոցները տեղափոխուեցան 144 անձեր:
Դէպքէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովուրդին յղեց հետեւեալ ուղերձը:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հանրապետութեան հրապարակի պատահարը հարուած էր բոլորիս համար: Փա՛ռք Աստծոյ, խուսափեցինք անդառնալի հետեւանքներից: Այս պահին բոլոր տուժածները ստանում են անհրաժեշտ օգնութիւն, իսկ հետագայ վերականգնման ժամանակ, հարկ եղած դէպքում, Հայաստան կը հրաւիրուեն նաեւ լաւագոյն մասնագէտներ արտերկրից:
Իրաւապահ մարմինները սկսել են հետաքննութիւնը, մեղաւորները կը յայտնաբերուեն եւ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուեն օրէնքով սահմանուած կարգով:
Յորդորում եմ բոլորին պահպանել սառնասրտութիւն: Աղօթե՛նք տուժածների համար եւ մաղթե՛նք բոլորին շուտափոյթ ապաքինում»:

