Հրազդանի Մէջ «ՀՅԴ-ի Յաղթանակէն Ետք Մայիս Մէկը Դարձեալ Տօն Պիտի Դառնայ» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան հրազդանցիներուն հետ 1 մայիսին ունեցած հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց զանոնք Աշխատաւորներու տօնին առիթով եւ յայտարարեց, որ Դաշնակցութեան յաղթանակէն ետք 1 մայիսը դարձեալ տօն պիտի դառնայ:
Ըստ անոր, այդ գեղեցիկ տօնը այսօրուան Հայաստանի մէջ իր արժէքին համեմատ չի նշուիր այն պարզ պատճառով, որ Հայաստանի մէջ պաշտօնեաներ եւ փերեզակներ շատ կան, բայց աշխատաւորութիւնը հեռացած է երկրէն: «Որովհետեւ հայ մարդը իր ձեռքերով կրնայ քարքարոտ երկրէն դրախտ ստեղծել, բայց այդ դրախտէն օգտուելու կարելիութենէն անոր զրկած են խումբ մը կոպիտ մարդիկ», շեշտեց Վահան Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ իւրաքանչիւրը ոչ թէ բնակիչ է, այլ քաղաքացի, եւ քաղաքացիները ամէն ինչի տէրն են:
Վահան Յովհաննիսեան պարզաբանեց, որ Դաշնակցութիւնը ոչ ոքէ կը պահանջէ հաւատալ կամ վստահիլ: Դաշնակցութիւնը միայն կը պահանջէ ազատութիւն, արդարութիւն եւ դաշնակցութիւն: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը արդիւնաւէտ կառավարելու ունակութիւն չունի եւ անամօթաբար կ՛ուզէ իր դիրքերուն վրայ վերահաստատուիլ:
Իսկ Դաշնակցութիւնը այս անգամ իր ժողովուրդին հետ միասին այդ կարելիութիւնը պիտի չտան կառավարութեան: Վահան Յովհաննիսեան կոչ ուղղեց ազատօրէն ընտրութիւն կատարելու:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Հրազդանի մէջ ՀՅԴ հանրահաւաքին ժամանակ յայտարարեց, որ քարոզչութեան ամբողջ ընթացքին Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին ներկայացուց իր ծրագիրը, որ երկրին մէջ փոփոխութիւն` յեղափոխութիւն պիտի յառաջացնէ:
Անդրադառնալով Աշխատաւորութեան միջազգային տօնին` ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ աշխատաւոր գրեթէ չէ մնացած, որ Դաշնակցութիւնը յաջողի զանոնք հաւաքել եւ նշել Աշխատաւորի տօնը: Արմէն Ռուստամեան ատիկա բացատրեց Հայաստանի ապաշնորհ կառավարումով:
Ըստ անոր, հայ ժողովուրդը աշխարհին յայտնի է իբրեւ աշխատաւոր եւ ստեղծող, անոր մէջ է հայուն ուժը, բայց այդ ուժը մսխուած է: «Տո՛ւր աշխատանք հայ ժողովուրդին եւ ան իսկապէս հրաշքներ կը գործէ», համոզում յայտնեց ան:
Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ այսօր իշխանութիւնները այս ամէնուն մասին խօսելու իրաւունք չունին, քանի որ նոյնիսկ եթէ աշխատանք կը տանին, ապա նուազագոյն աշխատավարձը աղքատութեան շեմէն ցած է:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը հեքիաթի հերոսի նման, հրէշը սպաննելով, ինքն ալ ետքը հրէշ չի դառնար: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ հրէշ չունենալու համար անհրաժեշտ է ազգային պետութիւն:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր կարգին նշեց, որ 6 մայիսին հայութիւնը լրջագոյն ընտրութիւնը պիտի կատարէ:
Ըստ անոր, կարելի չէ այդպէս ապրիլ, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւններուն օրով ամէն տարի 50 հազար մարդ կը լքէ Հայաստանը, քանի որ մարդոց կը զրկեն սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ աշխատելու իրաւունքէն:
Ան շեշտեց, որ 6 մայիսին քուէախուցին մէջ պիտի ըլլան ընտրողը, քուէաթերթիկը եւ Հայաստանի ապագան: Լիլիթ Գալստեան կոչ ուղղեց 6 մայիսին ձայն տալու ապագային, արդարութեան եւ ազատութեան` նշելով. «Բոլորս միասին ամսուն 6-ին ըսենք ԱՅՈ՛ նոր Հայաստանին` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան»:

