Նախագահ Սարգսեան Կը Յանձնարարէ Խստացնել Մարտական Հերթապահութիւնը Սահմանին Վրայ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն:

Նախագահը լսեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի, Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի զեկուցումները բանակաշինութեան, զինեալ ուժերու մարտունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ վերջին ամիսներուն շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրադրութեան, հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակին, զարգացման միտումներուն եւ սահմանագիծին վրայ անդորրը պահպանելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող անհրաժեշտ միջոցառումներուն մասին:

Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց խստացնել մարտական հերթապահութիւնը հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակական միջոցներ ձեռնարկել մարտունակութեան եւ կարգապահութեան բարձրացման ուղղութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES