«ՀՅԴ-ն Այլ Քաղաքական Ուժերու Հետ Կը Համագործակցի Յստակ Ծրագիրներու Շուրջ» Կ՛Ըսէ Արտաշէս Շահբազեան

Արտաշէս Շահբազեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը չի համագործակցիր այն սկզբունքով, թէ ո՛վ զով կը քննադատէ, այլ կը համագործակցի յստակ ծրագիրներու շուրջ: Ըստ անոր, այդ գծով բացառութիւններ չկան որեւէ մէկուն նկատմամբ:

Պատգամաւորը նշեց, որ ազգաբնակչութեան հետ կուսակցութեան աշխուժ յարաբերութիւնները իւրատեսակ հարցախոյզներու դեր կը կատարեն, քանի որ անոնցմով յստակ կը դառնայ մարդոց վերաբերմունքը քաղաքական ուժի մը նկատմամբ:

Անդրադառնալով պատուիրուած հարցախոյզներուն` Շահբազեան նշեց, որ ամիս մը առաջ պաշտօնական տուեալ տարածեցին, թէ ժողովուրդին 50 առ հարիւրը իր ապագան Հայաստանի մէջ չի տեսներ եւ որոշ կարելիութիւններ կը փնտռէ Հայաստանէն հեռանալու համար: Ան աւելցուց, որ անկէ ետք կը յայտնուի «Կելափ» անունով ընկերութիւն մը եւ կ՛ըսէ, որ բնակչութեան 70 առ հարիւրին ուշքը կ՛երթայ կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն համար: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի՞ է այս երկուքը իրարու հետ համադրել:

Ինչ կը վերաբերի մաքուր եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու իշխանութիւններու խոստումներուն, դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ խոստանալը մէկ բան է, ընելը` ուրիշ բան: «Երբ զանգուածաբար ընտրակաշառք եւ բնամթերք կը բաժնուի եւ յատկապէս վերջին օրերուն ամբողջական ընտրակաշառքներ բաժնելու հոլովոյթ կայ, ալ ի՞նչ իսկական կարելիութիւններու մասին է խօսքը», աւելցուց ան:

Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ 5-րդ գումարման Ազգային ժողովը հետաքրքրական պիտի ըլլայ եւ իշխանութեան ցանկութիւնը` ունենալ բացարձակ մեծամասնութիւն եւ հանգիստ ընել` ինչ որ ինք կ՛ուզէ, պիտի չիրագործուի:

Ան գրեթէ համոզուած է, որ գործող կառավարութիւնը պիտի չվերընտրուի: «Մեր ցանկութիւնը այն է, որ ըլլայ բազմազան խորհրդարան եւ վերահսկելի իշխանութիւն: Մեր նպատակը իշխանութեան կեդրոնաձիգ վիճակը կազմաքանդելն է, այլապէս ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի է իրականացնել», յայտարարեց Ա. Շահբազեան:

Շահբազեան ապագայ խորհրդարանին մէջ  կը տեսնէ ՀՅԴ-ն եւ այնտեղ կը ցանկայ տեսնել նաեւ այն ուժերը, որոնք կը հասկնան, որ այլեւս կարելի չէ այսպէս շարունակել եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հետապնդեն օրինականութեան, փոփոխութիւններու եւ բարեփոխումներու խնդիրները:

Share this Article
CATEGORIES