ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելեն

Դիւանագիտական աղբիւր մը ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 11 մայիսին Հայաստան, 12 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղ, իսկ 13 մայիսին Ազրպէյճան պիտի այցելեն:

Այցելութեան ընթացքին համանախագահները նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պիտի ունենան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES