Ընտրութիւններէն Շատ Աւելին
Վաղը կարեւոր փորձաքար է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններուն մասին չէ խօսքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ամենաբարձր մակարդակներէ յայտարարուած հրապարակային յանձնառութիւնները` ընտրութիւններուն նոր որակ հաղորդելու կամ որակական յեղափոխութիւն յառաջացնելու խորքին մէջ վաղն է, որ կը հաստատուին կամ կը փոշիանան:
Մինչ այդ` նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին արձանագրուած իրադրութիւնները որոշ դիտարկումներու տեղի կու տան անկասկած: Դիպաշարին հետեւողները սակայն չեն կրնար ունենալ այն համոզումը, որ քարոզարշաւի մթնոլորտը կարելի է նկատի ունենալ իբրեւ իրողական նախանիշ մայիս 6-ի ընտրութիւններուն:
Տակաւին. մայիս 6-ի ընտրական դրական մթնոլորտը (եթէ կայանայ) նոյնիսկ կրնայ բաւարար չըլլալ արդար ընտրութիւններու համոզումը կայացնելու համար:
Փորձենք պարզաբանել տեսական այս վերլուծումը: Պէտք է արձանագրել, որ այս քարոզարշաւը յատկանշուեցաւ հանդուրժողականութեամբ: Պատահարներ, միջադէպեր գրեթէ չարձանագրուեցան: Լարուածութեան աստիճանաչափը համեմատաբար մնաց ցած, իսկ ակներեւօրէն ընտրական ելոյթներուն մէջ նկատելի դարձաւ օգտագործուած բառապաշարի զսպուածութիւն: Առաջադրուած կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները թէ մեծամասնական ընտրակարգով արձանագրուած թեկնածուները կը շտապէին ներկայացնելու իւրաքանչիւրը իր կուսակցութեան կամ իր անձնական ընտրական ծրագիրը: Ընտրական յայտարարութիւնները առաւելաբար կեդրոնացած էին իւրաքանչիւրին ընելիքներուն վրայ, քան թէ մրցակից ուժին նկատմամբ երբեմնի յարձակումներուն:
Քաղաքական-գաղափարական հակոտնեայ ուժերու միջեւ ձեւաւորուած միասնական կեդրոնի աշխատանքները, Սահմանադրական դատարանի միացեալ դիմումները ընդգծեցին համապետական մտածողութեան առողջ մօտեցումի հաւաքական ճիգը: Կանուխ է անշուշտ եզրակացնելը, թէ այս մօտեցումները արդիւնքներու կը հասնին, այդուհանդերձ նախաքայլերը որոշ հեռանկարային պատկերներ կ՛ուրուագծեն, ինչ որ ողջունելի է ըստ ամենայնի:
Համագործակցութիւններ չբացառելու, խզումի վարքագիծեր չշեշտելու, նոյնիսկ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներգրաւուելու հաւանականութիւններու մասին հրապարակաւ խօսիլը ընդգծեցին նման ոճի առաջին անգամ օգտագործուելու իրականութիւնը: Թէկուզ ընտրական մարտավարական մօտեցումներէ մեկնած եղան նաեւ հազուագիւտ երեւոյթներ` մրցակից ուժի թեկնածուին սատարելու փոխադարձ յորդորներ:
Թէեւ հարցման նշաններով յագեցած` այնուամենայնիւ համաձայնական կառավարական ուժերու միջեւ ստորագրուած յուշագիրներու բովանդակութենէ շեղում կատարելով հնչեցին, թէկուզ չափի մէջ եւ կարմիր գիծերը յարգելով, իրար հանդէպ քննադատութիւններ, եւ տակաւին միեւնոյն կուսակցութեան մէջ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած անձնաւորութիւններու կատարած յայտարարութիւններուն մէջ նկատուած ըստ էութեան հակամէտ տեսակէտներ: Այս բոլորը բացատրուեցան կարծիքներու ազատութեան ըմբռնումով, երբեմն անձնական, ոչ կուսակցական կարծիք փոխանցելու յայտարարութիւններով:
Քարոզարշաւի նորարարութեան մասին, կը թուէր, թէ չպայմանաւորուած համաձայնութիւն գոյութիւն ունէր: Համագումարներու նոր տեսքերը, ընտրական հաւաքներուն համերգային բաժինները, երիտասարդ խաւին ցուցական ներգրաւուածութիւնները ընտրարշաւի արեւմտեան մշակոյթը յիշեցնող երեւոյթներ էին:
Ոճային այս ակներեւ փոփոխութիւնները սակայն բովանդակային առումով զուգահեռներ չունեցան: Ընտրական յայտարարութիւններուն եւ ճառերուն մէջ անհամեմատօրէն կը բացակայէին համահայկական խնդիրներու մասին կուսակցութիւններու թէ անհատ թեկնածուներու պատկերացումները: Հետեւողը չկրցաւ իմանալ, որ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ արցախեան թղթածրարի մասին գալիք իշխանութեան աշխատանքներուն ուղղութիւնը, հակամարտութեան լուծում բերելու առաջարկները: Հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին կուսակցութիւններու մօտեցումները երկրորդ կարեւոր բացակայ բաժինն էին այս քարոզարշաւին: Անհրաժեշտ ընդգծումներով չներկայացան նոյնիսկ Մեծամօրի աթոմակայանին հետ կապուած խնդիրները, երկքաղաքացիութեան զանգուածայնացումի կարեւորութիւնը, հայ-վրացական, հայ-ռուսական, հայ-իրանական յարաբերութիւններն ու տակաւին փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու վերաբերող կարեւոր հիմնահարցերը: Խորհրդարանի համահայկականացումի հրամայականը, որ տարբեր առիթներու հնչած էր տարբեր մակարդակներէ, օրակարգի չվերացուեցաւ ընտրական քարոզարշաւներուն:
Կեդրոնացումը` Հայաստանի քաղաքացիի առօրեայ խնդիրներուն վրայ էր, յատկապէս ընկերային հարցերու: Հեռահար նպատակները կուսակցութիւններու մեծամասնութեան համար քաղաքացիին առօրեայ անմիջական խնդիրներու դաշտէն հեռու էին եւ հաւանաբար քուէահաւաքի համար առաւելներ բերող գործօններ չէին:
Այս առումով Դաշնակցութեան ծրագիրը մնաց անգերազանցելի եւ չունեցաւ մրցակից: Անարձագանգ մնացին Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին թէ արտաքին խնդիրներուն շուրջ բանավէճեր կազմակերպելու Դաշնակցութեան հրապարակային առաջարկները:
Վերադառնանք քարոզարշաւի հաստատած մթնոլորտին` ընդգծելու համար, որ ներմուծուած նորարարութիւնն ու նկատուած ոճի դրական փոփոխութիւնները կ՛իմաստաւորուին, եթէ վաղը` մայիս 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունենայ իր ազատ, արդար ու թափանցիկ ձեւով ընտրուած խորհրդարանը:
Քարոզարշաւը բաւարար չէ. նոյնիսկ ընտրութեան խաղաղ ու հանգիստ օրը բաւարար չէ առաջադրանքի իրագործման համար: Կարեւոր է, թէ ինչպէ՞ս կը հաշուըուին քուէատուփերուն մէջ գտնուող քուէաթերթիկները: Եւ թէ անոնք որքանո՞վ կը ցոլացնեն իրողական քուէարկութեան պատկերը: Օտար դէտերու աշխուժացումը եւս կրնայ երկրորդական նշանակութիւն ունենալ` նկատի ունենալով անոնց քաղաքականացուած գնահատականներու շարժառիթները: Կարեւորը ա՛յն է, որ քաղաքացին ի՛նք բաւարարուածութեան զգացումով դուրս գայ այս ընտրութիւններէն, ներկայացուած զգայ եւ ի՛րը սեպէ յառաջիկայ Ազգային ժողովը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ինքնաքննութեան առջեւ է յաջողցնելու համար արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: 6 մայիսը շատ աւելին է, քան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններն ու Ազգային ժողովին մէջ ուժերու տեղաբաշխումը:

