ԼՈՂԱՐՇԱՒ. ՄԵԾԱԹԻՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ գտնուող Դաւիթ Համբարձումեանի անուան մարզադպրոցին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի լողարշաւի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 104 լողորդներու:
Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Իկոր Սաֆարեան յայտարարեց, որ այս մեծաթիւ մասնակցութեան կողքին հաստատուեցան նաեւ նոր մրցանիշներ:
Ըստ Սաֆարեանի, կը կարծուի, որ այս մարզաձեւին մէջ հայրենի մէկ կամ երկու լողորդներ յատուկ հրաւէր պիտի ստանան մասնակցելու Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն:
Նշենք, որ Լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը 150 յատուկ հրաւէրներ տրամադրած է բազմաթիւ երկիրներու ֆետերասիոններուն, որոնց լողորդները (տղաք եւ աղջիկներ) պիտի մասնակցին ողիմպիական խաղերուն` առանց անոնց իրենց տոմսը ապահոված ըլլալու եւ կամ անոնց զտումի մրցումներուն մասնակցած ըլլալու:
CATEGORIES Մարզական

