Կուերինի Փոխարինեց Ռոսսին
Քալչիոյի կազմերէն Ֆիորենթինայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի կրտսերներու մարզիչ Վինչենզօ Կուերինի նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ` փոխարինելով Տելիօ Ռոսսին, որ պաշտօնանկ եղաւ` նկատի ունենալով, որ քանի մը օր առաջ Նովարայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին հարուածեց իր իսկ խումբին մաս կազմող սերպ միջնապահ Ատեմ Լիաժիչի:
Ռոսսի իր կատարած այդ արարքին համար Քալչիոյի կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ, մինչ անոր ակումբը 15 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Անոր այդ կախակայումը պատճառ պիտի դառնայ, որ 2012-2013 տարեշրջանին, ան դժուարութիւն ունենայ նոր ակումբ մը փնտռելու, որովհետեւ անոր կախակայումը կ՛աւարտի յառաջիկայ օգոստոսին վերջը:
CATEGORIES Մարզական

