Փինկ Փոնկ. Մէյսա Պըսէյպես` Համալսարաններու Ախոյեան

Լիբանանի փինկ փոնկի համալսարաններու Լիբանանի 2012-ի աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Լուէյզի համալսարանին մաս կազմող Մէյսա Պսէյպես, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սեն Ժորժ համալսարանին մաս կազմող Հալա Ուըհպին: Կիսաւարտականին Պըսէյպես յաղթած էր Լիզ Հաժ Նիքոլայի (Սեն Ժորժ)` 3-2 արդիւնքով:

Նշենք, որ մրցումները տեղի ունեցան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (Պէյրութ):

Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը երէկ տեղեկացուց, որ 7-12 մայիսին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց Լիբանանի բաժակի անհատական մրցաշարքի մրցումները: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 5 մայիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Բոլոր անոնք, որ կը փափաքին մասնակցիլ այս մրցաշարքին, պէտք է իրենց անունները արձանագրեն` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 04-402926 եւ 09-211364:

Share this Article
CATEGORIES