50 Տարի Առաջ ( 8 մայիս 1962 )
Խմբագրական
Վեհոգի Բարերարուհին
Շաբաթ օր անհուն ուրախութեամբ աւետեցինք թանկարժէք նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնը պիտի օժտուի ազգային երկրորդական վարժարանով մը:
Քալիֆորնիաբնակ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան, որուն անունը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի հայ մեծ բարերարներու պատուոյ ցանկին վրայ իր անսպառ առատաձեռնութենէն թանկագին բաժին մը հանած է մեր գաղութին` 50.000 տոլարի պատկառելի գումար մը յատկացնելով Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք ազգային երկրորդական վարժարանին, որ պիտի կոչուի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, մեր հանգուցեալ ընկերոջ եւ անոր ազնուասիրտ այրիին անունով:
Սոֆիա Յակոբեան մէկն է այն բացառիկ դէմքերէն, որոնք իրենց ազգին հանդէպ ունեցած պարտականութիւնը կը կատարեն առաւելագոյն չափով, խոր գիտակցութեամբը այն ճշմարտութեան, թէ ազգին տրուածը կոչուած է մնալու իբրեւ անկորնչելի կոթող` յաւերժացնելով թէ՛ գործը եւ թէ՛ այդ գործին մղում տուող բարերարը:
Վերջին տարիներուն Սոֆիա Յակոբեան ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ նուիրած է հայ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու, գումար մը, որ մրցանիշ կոտրող երեւոյթի մը շօշափելի արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ: Ու նուիրաբերած է ոչ թէ փշրանքներ իր ունեցածէն, այլ` խոշոր պատառներ, գրեթէ իր ամբողջ հարստութիւնը, որուն մնացեալ մասը տրամադիր է կտակով մը նուիրելու իր ժողովուրդին` անոր ծով կարիքներուն հասնելու անհուն զոհողութեամբ:
Այսպէս, Ս. Յակոբեան 100.000 տոլար նուիրած է Հայ օգնութեան միութեան, որ արժանաւորապէս «Մայր» անփոխարինելի տիտղոսը տուած է անոր, մեծ բարերարուհիին ընծայուած պատիւներուն մեծագոյնը. 300.000 տոլար տուած է Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան` հաստատ եւ ապահով հիմ մը ընծայելով այդ մեծանուն հիմնարկութեան կրթական գործին. 30.000 տոլար յատկացուցած է Յունաստանի ազգային վարժարանին, որ կոչուած է Լեւոն եւ Սոֆիա յակոբեան անունով. 30.000 տոլար տրամադրած է ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»-ի ֆոնտին: Այս բոլորէն դուրս, անհաշուելի կը մնան այն օժանդակութիւնները, որոնք եղած են անհատներու` առ ի քաջալերութիւն անոնց տաղանդին ու արժէքին:
Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք երկրորդական վարժարանին իր պատուաբեր բաժինը պիտի բերէ նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, որուն եռանդուն վարիչ-քարտուղարը` Բիւզանդ Կռանեան կը գտնուի մեր մէջ եւ անձամբ այս աւետիսը տուաւ Լիբանանի հայութեան:
Արդարեւ, Կրթական հիմնարկութիւնը, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, իր մեծագումար նպաստներով, լայն օժանդակութիւն կ՛ընծայէ գաղութներու մեր բոլոր վարժարաններուն, առանց յարանուանական եւ այլ խտրութեան, այս անգամ եւս 25.000 տոլարի գումարով մը կը մասնակցի ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ քոլեճի շինութեան:
Ահաւասիկ անձ մը եւ հաստատութիւն մը, որոնք հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան պիտի արժանանան, մանաւանդ այն սերունդին, որ Պուրճ Համուտի մէջ բարձրանալիք հայ ոգիի նոր բերդին մէջ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի ստանայ` համապատասխան դարուս պահանջներուն եւ հայ կեանքի պայմաններուն:
Յաւէ՞տ օրհնուի յիշատակը մեր սիրելի ընկերոջ` Լեւոն Յակոբեանի, եւ փառք ու պատիւ համեստ ու վեհոգի հայուհիին` Մայր Սոֆիա Յակոբեանի, որ ցարդ գիտցաւ արժանաւորապէս յաւերժացնել իր ամուսնոյն անունը: Յարգանք ու մեծարանք նաեւ այն կրթանպաստ հիմնարկութեան, որուն ղեկավարները, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, անձնուիրաբար կը գործեն` հայ ժողովուրդի սրտի զարկերուն ունկնդիր:
Հայ ժողովուրդը վստահութեամբ կրնայ նայիլ իր ապագային, երբ գիտէ սոֆիայակոբեաններ ծնիլ եւ հայ կրթական հիմնարկութիւններ ստեղծել իր ծոցէն:
Օ. Սիւրմէլեանի
«Կոմիտաս» Լարային Քառեակի
Երաժշտական Երեկոյթին Առթիւ
Պէյրութահայ գեղարուեստական կեանքին մէջ իր արժանի տեղը եկաւ գրաւել «Կոմիտաս» քառեակը` տարուէ տարի աւելի ու աւելի խորանալով երաժշտասէր հասարակութեան սրտին մէջ:
Մայիս 2-ի երաժշտական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, եղանակի յաջողագոյն ձեռնարկներէն մէկը կարելի է նկատել:
Օննիկ Սիւրմէլեան իր ջութակին շաղելով Ժիզել Սապայի ջութակը, Էլի Պենժամէնի վիոլան եւ Վիթթորիօ Մոնթեպարոչչիի թաւջութակը, կազմած է քառեակ մը, կամուրջ մը` ձայներու, լոյսի, գոյներու, մտածումի ու զգացումի հազարումէկ երանգներով: Կոմիտասն է` կը հոսի, կը խօսի ու կ՛երգէ քառեակի բերնով` «Շողեր ջան», «Խումար», «Ալ Այլուղս», «Ծիրանի ծառ», «Չինար ես», «Էջմիածնի պար» ու երգէ երգ, ունկնդիրները հմայուած ու յափշտակուած կ՛անցնին ապրումէ ապրում, աշխարհէ աշխարհ ու տաքցած սրտէն քրտինքը կ՛իյնայ իր երեւակայութեան ծարաւ հողին ու հոն կ՛աճի կոմիտասեան դալար պարտէզը… Սէրեր, կարօտներ, լաց ու ժպիտ, աշխատանք ու կեանք, յոյս ու արշալոյս, ու այս ամէնը հայրենի հողին վրայ, ունկնդիրը հայրենադարձ ու հարստացած` ակամայ լուռ ունկնդիր սրահին մէջ, սրտի պոռթկումով ծերունազարդ ու երիտասարդ ձայներ կը լեցնեն սրահը. պրաւօ՜, պրաւօ՜, հնչած է
Չինար ես, հեռանալ մի՛
Մեր դռնէն հեռանալ մի՛
Հեռու ես մոռանալ մի՛
Ու ահա վաստակաւոր դաշնակահարուհի Ոսկի Յովհաննէսեան վարպետօրէն կը նուագէ Ա. Խաչատուրեանի «Պոէմը» ու «Թոքքաթոն»` նոր շունչ ու հորիզոն բանալով մթնոլորտին: Իր համարձակ ու զգայուն տիրապետումը դաշնակին տուաւ այն լեզուն` որմէ եկած ամէն ձայն խորապէս ըմբռնուեցաւ ունկնդիրներէն` զանոնք լեցնելով շնորհակալութեամբ դէպի «Կոմիտաս» քառեակը, որ առիթը ընծայած էր Ոսկի Յովհաննէսեանին հայ հասարակութեան կրկին լսելի դառնալու:
Երեկոյթին իր մասնակցութիւնը բերած էր գաղութիս սիրուած ծանօթ երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեան: Ընկերակցութեամբ «Կոմիտաս» քառեակին, երգեց Ալէմշահի նազերը: Հասարակութիւնը առաջին երգով նկատեց բացառիկ կացութիւն մը իր այնքան քնքուշ ձայնին մէջ: Ապա Ճեմպերճիի «Արազի ափին», Ա. Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար» ու Ա. Խաչատուրեանի «Խնճոյքի երգ»-ին մէջ աստիճանաբար վերագտնելով իր հունը, եկաւ ներկաներուն իր խոր զգայնութեամբ ու ապրումով տալու ա՛յն, ինչ որ առհասարակ հասարակութիւնը ստացած էր իր ձայնէն ու հիացած… Երգիչին դեղը երգն է: Այս հաստատուեցաւ մեր մտքերուն մէջ, երբ բուռն ծափահարութեամբ կը սպասէինք իրմէ նոր երգեր ու կրկնումներ: Սոյն երգերը քառեակին համար մշակուած էին Պօղոս Ճելալեանի կողմէ. յաջող նորութիւն մը` երաժշտութեան համար:
Ապա «Կոմիտաս» քառեակը յաջողագոյնս մեզ ներկայացուց «Ալագեազը», «Հաբրբանը», «Գարուն ա»-ն, «Կաքաւիկ»-ը ու այս բոլորին մէջ ծափե՜ր, սրտէ ելած երկա՜ր ծափեր, բեմ բերին ու մեր աչքերուն երեւցաւ ե՛ւ Կոմիտասը, ժպիտ դէմքին արցունք աչքին: Քառեակը շարունակեց` Հոյ Նա՛զանիմ:
Ու Կոմիտասը ուրախացաւ, երբ նուագեց քառեակը Ջրբաշեանի Քենդեդի Ա. մասը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ոսկի Յովհաննէսեանի, ու ի՞նչ նոր խռովք ու խանդավառութիւն, նոր շունչ ու արշալոյս:
Կ՛արժէ աւելի հանգամանօրէն խօսիլ այս ձեռնարկին մասին ու զայն աւելի գործնական մօտեցումով մը մօտեցնել հանրութեան` կրկնելով հայաշատ կեդրոններու մէջ ու մանաւանդ օտար հասարակութեան ծանօթացնելով` արժեւորել հայ արուեստն ու արուեստագէտը հայ ժողովուրդով:
Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

