Հայրենի Կեանք

Երեւան Պաշտօնապէս Ստանձնեց
Գիրքի Համաշխարհային
Մայրաքաղաքի Տիտղոսը

Երեւան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ գիրքի համաշխարհային 2012 թուականի մայրաքաղաք. նախկին մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետ Մաուրեցիօ Մակրին տիտղոսը յանձնեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդանշական կերպով, մատենադարանի բակին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, այս առիթով յատուկ Երեւան եկած հիւրեր, մշակութային հասարակական գործիչներ: Յոբելինական յանձնախումբի քարտուղար, Հայաստանի նախագահին աշխատակազմին ղեկավար Վիգէն Սարգսեան ողջունելով հիւրերը` յայտնած է, որ 2800 տարեկան մեր մայրաքաղաքը շատ վկայութիւններ կը պահէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ամէնէն տարբեր ժամանակաշրջաններէն:

«Այս տարի մենք կ՛ընդգծենք եւ ցոյց կու տանք յատկապէս այն էջերը, որոնք կը պատմեն գիրքի եւ գրականութեան անցած ճանապարհին մասին:

Մատենադարանը մեր ամէն ինչն է լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, ծննդեան վկայականն ու կենսագրութիւնը, մեր գալիք բոլոր յաղթանակներուն խարիսխը, մնայուն եւ յարատեւ մեկնակէտը», նշած է Վիգէն Սարգսեան: Ան հաղորդած է, որ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի մօտաւորապէս հազար ձեռնարկ, Երեւանի, Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ համայն Սփիւռքի մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 36-րդ գլխաւոր խորհրդաժողով նախագահ Քաթալին Պոճեարթ նշած է, որ իրենց համար մեծ հաճոյք է Հայաստան գտնուիլ այսպիսի մեծ եւ կարեւոր առիթով: Ան նշած է. «Հայաստան հասած առաջին ժամերէս արդէն զգացած եմ Հայաստանի պատմական շունչը եւ այն, որ հոս բնակող ժողովուրդը հպարտ է իր անցեալով եւ կրօնով: Հայաստանի մէջ գիրքին նկատմամբ կայ իւրայատուկ մօտեցում, որ հիմք հանդիսացած է Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն: Քաթալին Պոճեարթ աւելցուցած է, որ հպարտ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընտանիքի անունով այստեղ գտնուելուն համար: Ան խոստացած է անպայման հայկական քոչարին սորվիլ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալը նշած է, որ այն հանգամանքը, թէ հայ ժողովուրդը առաջին անգամ ինք թարգմանած է Աստուածաշունչը, արդէն ինքնին կը վկայէ գիրքին նկատմամբ ունեցած իւրայատուկ վերաբերումին մասին: «Տարուան ընթացքին վստահաբար պիտի ստեղծուին գրողներու, հրատարակիչներու, գրավաճառներու եւ ընթերցողներու միջեւ իւրատեսակ կապ», յայտնած է տնօրէնին տեղակալը: Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետ Մաուրեցիօ Մակրէն հրապուրուած էր հայ ժողովուրդին հիւրասիրութենէն եւ հիւրընկալութենէն: Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետը ըսած է. «Վստահաբար այս տարի Երեւանի մէջ պիտի իրականանան հետաքրքրական իրադարձութիւններ, ինչպէս կատարուեցաւ անցեալ տարի մեր մօտ: Չկայ աւելի լաւ բան, քան` կարդացող մարդը, որ կ՛ամրապնդէ յոյսը այս աշխարհին մէջ» յայտնած է ան` Երեւանի քաղաքապետին յանձնելով խորհրդանիշ-նուէր` թանկոյի երաժշտական գործիք, որ յաջողութիւններ պիտի բերէ Երեւանին: Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Երեւանը այս կարեւոր տօնին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` այս վստահութեան համար: Ան նշած է. «Գիրքը եւ գրականութիւնը կարեւոր դեր ունեցած են հայ ժողովուրդին համար: Իսկ այժմ կայ պաշտամունք այդ բոլորին նկատմամբ: Պատահական չէ, որ հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը իմաստութիւնը ճանչնալու խրատը կը պատգամէ», շեշտած է Տարօն Մարգարեան:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած են սիրուած խումբեր, ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ Արժանթինէն եւ Պանքոքէն: Աւարտին Մատենադարանի կոթողային շէնքին վրայ պատկերուած է 3 տի. ցուցադրութիւն-ծրագիրը: Հանդիսութիւնը աւարտած է շքեղ հրավառութեամբ:

Հայ Գրողներու 6-րդ
Համահայկական
Համաժողով

20 ապրիլին «Էրեբունի Փլազա»-ի մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան միացեալ ջանքերով կազմակերպուած Գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրողներու գիրքերու շնորհահանդէսը:

Այնուհետեւ «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ կայացաւ Հայ գրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի հանդիսաւոր բացումը, որուն ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանը, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լ. Անանեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութեան տնօրէն Նաթան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Ա. Իսահակեանը, սփիւռքահայ գրողներ եւ այլն: Համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 100 գրողներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն, ուրկէ եկած են 60 գրողներ` 21 տարբեր երկիրներէ:

Նախարար Հ. Յակոբեան եւ Յակոբ Պալեան

Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետին որոշումով, երեք գրողներ` Յակոբ Պալեան, Անուշ Նագգաշեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան իրենց գրական եւ ստեղծագործական վաստակին համար արժանացան յուշամետալներու: Յակոբ Պալեան յայտնած է. «Այսօր մենք` գրողներս, իսկապէս ծիծաղելի կացութեան մէջ կը գտնուինք: Գիրքերը չեն ծախուիր… Իսկ եթէ ամերիկացի գրողը, ֆրանսացի գրողը իր գրիչով ապրելու իրաւունք ունի, հայ մարդը զրկուած է այդ իրաւունքէն»:

Անուշ Նագգաշեան նշած է. «Ամէնէն դժուարը սփիւռքահայ գրողին վիճակն է: Այսօր այդ վիճակին հասած է նաեւ հայրենի գրողը: Սակայն սփիւռքի մէջ մենք պէտք է զանազան գործեր ընենք` հայերէնով գիրք գրենք եւ հայերէնը հնչեցնենք»:

Համբիկ Մարտիրոսեան իր կարգին շատ կարեւոր կը համարէ այսպիսի համաժողովները: Ան հաղորդած է, որ` «իւրաքանչիւր համագումար իրեն հետ նորութիւն կը բերէ: Եթէ նկատի ունենանք այն հանգամանքը, որ այսօր սփիւռքահայ պայմաններու մէջ գոյութիւն ունին համաշխարհայնացում, որ կը սպառնայ մեր ընտանիքին, մեր վարժարանին, մեր եկեղեցիին, ապա ուրեմն անիկա դիմադրելու համար անհրաժեշտ է, որ պատնէշուինք եւ մէկտեղուինք մայր հայրենիքի մէջ, որ լաւագոյն վայրն է այս բոլորէն պաշտպանուելու», շեշտած է ան:

Նոյն օրը համաժողովին մասնակիցները ուղղուեցան Էջմիածին եւ Օշական, այցելեցին պատմամշակութային եւ հոգեւոր վայրեր, Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը. այնուհետեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ անոնք ընդունուեցան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ:

21 ապրիլին Հայաստանի Գրողներու միութեան նիստերու դահլիճին մէջ սփիւռքահայ գրողներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լիագումար նիստ, որուն բացման ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամատոմսեր յանձնեց սփիւռքահայ գրողներու:

Նիստին մասնակիցները գրական միջավայրի ձեւաւորման եւ զարգացման իմաստով կարեւոր նկատեցին գրախանութներու առկայութիւնը: Անոնք ուրախութեամբ արձանագրեցին, որ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին ընդառաջ բացուած են քանի մը նոր գրախանութներ, եւ աշխուժացած է գրատպութիւնը: Սփիւռքահայ գրողները  հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուցին իրենց երկրներուն մէջ  գրական մթնոլորտին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: Անոնք անդրադարձան փոխադարձ համագործակցութեան կարեւորութեան, նաեւ ափսոսանք յայտնեցին, որ հայաստանեան մասնակիցներուն մէջ գրեթէ չկան երիտասարդ գրողներ:

Երեկոյեան համաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Գաֆէսճեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ «Արմ պուք էքսփօ» գիրքերու ցուցահանդէսին բացումը:

22 ապրիլին Հայաստանի Գրողներու միութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Հրատարակիչներու ազգային միութեան անդամներուն հետ եւ  տեղի ունեցան «Հայ գիրքի ճանապարհը, հիմնախնդիրներ եւ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ» նիւթով  քննարկումներ:

Այնուհետեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի ընթերցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արդի հայ գիրքը աշխարհի մայրաքաղաքներում» նիւթով գիտաժողով` նուիրուած Հայ գիրքի տպագրութեան

500-ամեակին: Գիտաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 40 սփիւռքահայ գրողներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրող, հրապարակախօս Էդուարդ Միլիտոնեանը, այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան շարք մը սփիւռքահայ գրողներ, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց երկիրներուն մէջ հրապարակուող  հայերէն, հայոց լեզուին եւ պատմութեան վերաբերող գիրքերուն մասին:

Գիտաժողովի աւարտէն ետք ներկաները համախմբուեցան Վահան Տէրեանի արձանի մօտ, ուր ասմունքեցին երիտասարդ սփիւռքահայ գրողները:

Երեկոյեան Մատենադարանին կից գտնուող տարածքին մէջ Երեւանը մեծ հանդիսաւորութեամբ ընդունեց գիրքի 2012 թուականի համաշխարհային մայրաքաղաքի տիտղոսը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ գրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովին մասնակիցները:

23 ապրիլին Հայաստանի Գրողներու միութեան կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք-Հայաստան միասնական դաշտ» նիւթով քննարկում, որմէ ետք համաժողովին մասնակիցները Հայաստանի սփիւռքի նախարարին հետ ուղղուեցան Հայաստանի Սահմանադրական դատարան:

Ապա համաժողովի մասնակիցները վերադարձան Հայաստանի Գրողներու միութիւն, ուր կայացաւ «Արդի հայ երիտասարդ բանաստեղծներ» եւ «Հայոց լեզու» գիրքերուն շնորհահանդէսը:

Այնուհետեւ գումարուեցաւ եզրափակիչ նիստ, որուն ընթացքին սփիւռքահայ գրողները հանդէս եկան առաջարկութիւններով, ներկաներուն հետ կիսեցին իրենց տպաւորութիւնները, արտայայտեցին շնորհակալական խօսքեր եւ այլն: Աւարտին մասնակիցները իրարու գիրքեր նուիրեցին:

24 ապրիլին սփիւռքահայ գրողները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հայաստանի Նախագահին Հովանաւորութեան Տակ Տեղի
Ունեցաւ
«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնը

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղեկացուց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասին: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի գրողներու միութեան Լեւոն Անանեան եւ «Իմ հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան:

Ասուլիսի ընթացքին Հ. Յակոբեան ներկայացուցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին հիմնական նպատակները: Ան նշած է, որ փառատօնին շրջանակներուն մէջ պիտի կազմակերպուին «Հայ գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը»` ապրիլ 20-23, «Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը` հոկտեմբեր 4-7, «Պարարուեստի օրեր»` յունիս 25-էն մինչեւ յուլիս 15, «Երգչախմբային արուեստի օրեր»` յուլիս 25-էն մինչեւ օգոստոս 15, անհատ կատարողներու ելոյթներ` յունիս-հոկտեմբեր, «Տուտուկի համահայկական փառատօն»` սեպտեմբեր 6-18:

Լեւոն Անանեան անդրադարձած է «Հայ գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողով»-ին նշելով, որ այս տարուան փետրուարին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահութեան որոշումով մօտաւորապէս 70 սփիւռքահայ գրող դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան լիիրաւ անդամ:

Սամուէլ Հարոյեան մանրամասնօրէն հաղորդած է «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասին: Ան յայտնած է որ փառատօնին հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ յունիս 29-ին, «Զուարթնոց» տաճարին մէջ: Փառատօնին պիտի մասնակցին սփիւռքի տարբեր համայնքներու պարային համոյթներ, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ: Փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ անուանի խումբեր եւ անհատ կատարողներ` Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն:

Փառատօնի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են 50-է աւելի ձեռնարկներ` բացօթեայ համերգներ Երեւանի, մարզերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պիտի իրականացուին նաեւ վարպետութեան դասեր` պարուսոյցներու եւ խմբավարներու համար, կլոր սեղաններ, սեմինարներ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ` պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ:

Փառատօնին նպատակն է աշխուժացնել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը, նպաստել հայ մշակոյթի եւ հայ ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման, սատարել Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման, միացեալ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման, օժանդակել ժամանակակից հայ արուեստի զարգացման եւ տարածման, յայտնաբերել եւ համախմբել մշակոյթի ոլորտին մէջ համահայկական մասնագիտական ներուժը:

Նշենք, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պիտի հոգայ մասնակցողներուն սնունդի ծախսերը, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի տրամադրէ հիւրատուն, պիտի վարձէ համապատասխան դահլիճներ եւ թեքնիք անհրաժեշտ միջոցներ, պիտի ապահովէ փոխադրամիջոց եւ պիտի իրականացնէ ձեռնարկներու կազմակերպական աշխատանքները:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES