Կիրակնօրեայ Խօսքը. Պայքարի Ու Քաջութեան «Կարմիր» Կիրակին…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր, Յինանց զատկական շրջանին հինգերորդ կիրակին է, մակագրուած` «Կարմիր», որ միշտ կը յաջորդէ Աշխարհամատրան «Կանաչ» կիրակիին:

Թէպէտ այս գոյներուն յորջորջումը չունի ոչ մէկ ծիսական կարգաւորում ու աստուածաբանական նշանակութիւն, բայց եւ այնպէս, իր ժողովրդական-բարեպաշտական ծագումով հանդերձ, ստացած է իր հոգեբարոյական, այլաբանական ու փոխաբերական իմաստը` նաեւ քրիստոնէական տեսանկիւնէն:

Եղանակային այս ժամանակահատուածին` «Կանաչ»-ը աստուածաստեղծ բնութեան զարդարանքը եւ հրապոյրն է իր քաղցրաբոյր ու գեղածուփ դալարիքով, որ կանաչութիւնն է, խոտն է, բուսականութիւնն է նորածիլ եւ կենսաձիր:

Գարուն է ամէնուրեք: Բնութիւնը կ՛ապրի իր տարեկան վերազարթնումն ու վերազարդումը, որոնք մարդուն ոչ միայն մարմնականին վերանորոգ կենդանութիւն եւ հանգստացում կը բաշխեն, այլ նաեւ անոր հոգեմտաւորին կը շնորհեն յագուրդ մը` անդորրացուցիչ ու բաւարարող:

Այսպէս, «Կանաչ» կիրակին է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ կեանքի խորհուրդին, երբ բնութիւնն ու մարդը կ՛անդրադառնան իրենց Արարիչին, որ բացարձակ Օրէնսդիրն է ամէն էակի, գոյի: Այս ճշմարտութեամբ առլցուն, նաեւ բնութեան մէջ  ու բնութեան օգնութեամբ, մարդը ամէն տարի կ՛ապրի եւ կը վերապրի իր կեանքին գիտակցութեան, գեղեցկութեան, կարեւորութեան ու գերազանցութեան առկայութիւնը, շարունակութիւնը:

Մկրտուած մարդուն գիտակից, գեղեցիկ և գերազանց առկայութեան ու շարունակութեան ի խնդիր միշտ կայ քրիստոնէավայել կեանքին պայքարը, որուն խորհրդանիշն է «Կարմիր»-ը:

Երեք մատնանշումով կը գոհանամ: Առաջինն է Ս. Գիրքէն մէջբերումը, որ կը նկարագրէ պատերազմէն վերադարձող յաղթականը.«Իսկ ո՞վ է այս, որ Եդովմէն եկած կը հասնի. Բոսորէն ունի իր զգեստներուն կարմրութիւնը, գեղեցիկ պատմուճանով եւ հուժկու զօրութեամբ: … Ինչո՞ւ կարմիր են հագուստներդ…»(Ես. 63,1-2):

Երկրորդ` ծանօթ է բոլորիս, թէ մեր ժողովուրդը իր ռազմական ոգին ներշնչող, ազատաբռունցքը դարբնող ու հոգեբարոյական յաղթութիւնն ապահով հայուն խորհրդանիշը հանդիսացած համազգային դարերու հերոսը` Վարդան Մամիկոնեանը կ՛որակէ «Կարմիր»:

Երրորդ` քրիստոնեայ ժողովուրդներու հինաւուրց նուիրագործուած աւանդութիւնն է կարմիր ձորձով եւ կարմրագոյն դրօշակով պատկերել յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը, որ իր խաչամահով յայտարարեց իր հաւատաւորներուն.«Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յվհ. 16,33):

Ընդհանրապէս, եթէ կեանքը տեւական պայքար է, կարմի՛ր է, ապա, ուրեմն, քրիստոնէական ապրելակերպը շատ աւելի մշտական մարտնչում է, բոսո՛ր է, որուն մէջ Ս. Երրորդութեամբ կնքեալ անձը մնալու է կտրիճ մարտիկը, քանի իր մկրտութեան ու դրոշմին ս. խորհուրդներով ստացած է «Աստուծոյ զրահը` դիմադրելու սատանայի հնարքներուն եւ խաւարի ուժերուն», ամրապնդուած է «ճշմարտութեան գօտիով», զգեստաւորուած է «ուղղամտութեան լանջապահակներով», ապահովուած է «Աւետարանի խաղաղարար յօժարութեամբ», կրած է «հաւատքի վահանը», դրած է «սաղաւարտը … գլխուն վրայ» եւ կապած է «մէջքին Հոգիին սուրը, այսինքն` Տիրոջ խօսքը» (Եփս. 6,10-19):

Աստուածաշունչէն առնուած շեղագիր բառերը կը բովանդակեն ռազմական իմացութիւններ` պայքարի ոգիով դարբնելով օրհնեալ ջուրին մէջ մկրտուած եւ օրհեալ իւղով մեռոնուած հայ անհատը, որպէս զի կարենայ մտնել «նեղ դուռ»-էն եւ ընթանալ «անձուկ ճանապարհ»-ը, որոնք, սակայն, ստուգապէս կ՛առաջնորդեն «դէպի ԿԵԱՆՔ»-ը (Մտթ. 7,13-14):

«ԿԵԱՆՔ»-ն ուրիշ իրականութիւնը չէ, եթէ ոչ` «արքայութիւնն Աստուծոյ», զոր միայն «խիզախները կը յափշտակեն»: Հաւատքով անոնք պայքարող եւ յաղթող կտրիճներն են, առօրեային մէջ, որոնք «բռունցք» կը շարժեն շահելու համար «երկնքի Արքայութիւնը» (Մտթ. 11,12):

Քրիստոնէական դարերու ամէնէն առաջին եւ ծանօթ մարտիկներէն, քաջերէն  ու յաղթականներէն մին եղաւ Ս. Պօղոս առաքեալը, որ իր կեանքին վերջաւորութեան, բաւարարուած համոզումով եւ անդորր սրտով, կրցաւ յայտարարել իր ընթերցողներուն եւ ունկնդիրներուն` զանոնք հրաւիրելով նոյն ընթացքին ու նոյն ապրելակերպին:

«Ահաւասիկ, ես արդէն ընծայուած եմ եւ հասած է ժամս մեկնելու: Մինչեւ վերջը պայքարեցայ բարի պայքարս, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը: Հիմա պատրաստուած է ինծի արդարութեան պսակը, զոր Տէրը` արդար Դատաւորը փոխարէն պիտի տայ ինծի այն Օրը: Ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սիրով սպասեցին Անոր յայտնութեան» (2 Տիմ. 4,7):

Եզրակացութիւնս է: Արքայութիւնը կը տրուի միայն առաքինի կտրիճներուն. անոնց փաղանգէն է Ս. Վարդան Մամիկոնեան` հայագոյն Կարմիրը, զոր պաշտպան եւ օրինակ առնելու ենք հայավայել պայքարի ու քաջութեան մեր ամէնօրեայ մարտերուն մէջ…:

 

Այնճար, 29 Ապրիլ  2012

Share this Article
CATEGORIES