Արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի Մեծարանքի Երեկոյին Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող ապրիլ ամսուան վերջին օրը, Կիլիկիոյ դարաւոր կաթողիկոսութեան հայրենիքէն դուրս այս ջերմացնող յարկին տակ, Ցեղասպանութեան յուշարձանի ոգեպնդիչ հովանիին ներքեւ, միշտ երիտասարդ ու մեր բոլորին սիրելի Զաւէն Խտըշեանին ծննդեան ութսունամեակին զուգադիպող այս հանդիսութիւնը սոսկական արուեստագէտի մը հերթական գնահատանքին նուիրուած շնորհահանդէս մը չէ:

Ութսունամեայ երիտասարդ Զաւէնի արուեստին մասին, Կ՛ենթադրեմ, ոչ ոք կ՛ակնկալէ, որ ե՛ս խօսիմ:

Գեղարուեստներու ակադեմիայի շրջանաւարտ, օտար ափերու վրայ իր ուսումը կատարելագործած, Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ տասնեակներով ցուցահանդէսներ տուած, բազում մրցանակներու արժանացած քանդակագործի մը մասին կարելի է խօսիլ արուեստի լեզուով:

Հիմնականին մէջ, սակայն թէ՛ վայրի ընտրութիւնը, թէ՛ առիթի զուգադիպութիւնը հրամայական ձեւով մեզ կը մղեն մեծահամբաւ արուեստագէտներու կարգին դասուած Զաւէնը դուրս բերել նոյնինքն այդ արուեստագէտներու հոյլէն ու անոր մէջ գտնել զինք ուրիշներէ տարբերող, ուրիշներէ զանազանող այնպիսի արժանիքներ, որոնց պահանջը օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի կը զգացուի ու միաժամանակ Զաւէնով կու տայ ապահովութիւնը, որ յոյս կը ներշնչէ ապագայի նկատմամբ:

Զաւէն արուեստագէտ է ամբողջական իմաստով, անկասկա՛ծ: Առաւել, սակայն, ան գլխագիր հայ արուեստագէտ է բառին էութենական ու վաւերական իմաստով: Ծնունդով հայ, ապրումով հայ, կեանքով հայ, գործով հայ, բայց ամէնէն աւելի հպարտ հայու լաւագոյն տիպարն է ան: Օտարութեան մէջ հռչակ փնտռելու մարդը չէ ան, այլ օտարութեան մօտ պտտող հռչակը զինք գտած է ու իբրեւ այդպիսին` հայու եւ մարդու տառապանքին ծնունդ իր արուեստը հասցուցած է կատարելութեան, մղելով խիստ քննադատ ու արուեստաբան Ժոզեֆ Թարրապի նման դժուարահաճ արժէք մը Զաւէնին մասին ըսելու` «Խտըշեան իբրեւ նուէր մեզի կը բերէ կատարելիութեան սէրը, որ անհետացումի վտանգին ենթակայ էր»:

Զաւէն Խտըշեան անզուգական կերպով յանձնառու արուեստագէտ է: Հայու  տառապանքէն ծնած եւ այդ տառապանքի բաժակը ըմպած հպարտ այս հայը յեղափոխաշունչ յանձնառութիւն տուած է իր քանդակներուն: Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը` Պիքֆայա, Գարեգին Նժդեհի յուշարձանը` Պոսթըն, Զարեհ Ա. վեհափառի կիսանդրին` Հալէպ, Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին` Այնճար, Սիմոն Վրացեանի կիսանդրին` Պէյրութ, Պաշտպանութիւն յուշարձանը` Պուրճ Համմուտ արուեստի սքանչելի գործեր են անկասկած, ու միաժամանակ արուեստագէտի յանձնառութեան խորհրդանիշեր են, որոնք վստահաբար ներշնչման աղբիւր կը մնան իւրաքանչիւր հայու համար:

Յանձնառու հայու իր տիպարը ան միացուցած է Լիբանանի եւ լիբանանեան արժէքներու հանդէպ իր տածած սիրոյն եւ գնահատանքին: Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի, Սուրբ Շարպելի, Ժիպէյլի մէջ «Աղօթքը» թէ Մթէյնի «Ընդվզում քանդակները երախտագիտութեան ու յարգանքի տուրքեր չեն, այլ` Լիբանանը իբրեւ արժէք եւ առաքելութիւն տեսնելու իր համոզումին արգասիքը:

24 ապրիլ 1966-ին Անթիլիասի յուշարձանի մատրան դիմաց, հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը բազմահազար ժողովուրդին կը ծանուցէր, թէ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի աւարտին, Պիքֆայայի այս բարձունքին պիտի բարձրացուէր «համահայկական վերազարթօնքը» խորհրդանշող կոթող-յուշարձան մը, որ գործն էր Զաւէն Խտըշեանի: Վեհափառը «սրտագին կոչ հայ ժողովուրդին» պատգամին մէջ կ՛ըսէր. «Յուշարձան-կոթողը` որպէս երկնաձիգ արձան Պիքֆայայի բարձունքին վրայ, հսկայական իր կառոյցով եւ պրոնզէ ամրութեամբ, միշտ պիտի արծարծ պահէ վերածնութեան եւ յաղթանակի տեսիլքը մեր հոգիներուն մէջ»: Զաւէն ստեղծեց այս յուշարձանը` անսալով Խորէն վեհափառին ամուր թելադրանքին, երբ կ՛ըսէր. «Ո՛չ ոք ինքն իրեն թող ներէ անմասն մնալ մեր մահէն ետք մեր յարութեան երգը շքեղօրէն երգող յիսնամեակի յուշարձանէն»:

Եւ երբ երէկ տասնեակ հազարաւոր հայեր, բայց մանաւանդ երիտասարդներ, թրքական դեսպանատան դիմաց բռնցքուող ըմբոստութեամբ արդարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջէին, անոնք յուշարձանէ՛ն թելադրուած յարութեան երգը երգեցին:

Եւ երբ թրքաբարոյ ու դաւադիր ձեռքեր Լիբանանի պատերազմին հարուածեցին այս խորհրդանիշը, վիրաւոր յուշարձանը մնաց կանգուն իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, Լիբանան եւ այլուր: Զաւէն Խտըշեանի վիրաւոր հոգին եւս մնաց ամուր ու դարձեալ վերածնունդի, պայքարի ու կատարելութեան իր հաւատքը վերանորոգեց` աւելի ամուր ու աւելի աղաղակող դարձնելով զայն, որպէսզի անոր կանչը շարունակէ լսելի մնալ Լիբանանէն սփիւռքի հեռաւոր անկիւններ, Արցախ, Հայաստան, Ջաւախք եւ գրաւեալ հողեր:

Սիրելի՛ Զաւէն, եթէ երբեք ոչ մէկ քանդակ ստեղծած ըլլայիր, այս յուշարձանը ինքնին դալար պիտի պահէր քու ձեռքերդ ու հպարտութիւն ներարկողը պիտի ըլլար բոլոր սերունդներուն:

Եւ դուն պիտի տաս պատասխանը այն հարցումին, որ ուղղած ես դուն քեզի 24 օգոստոս 1957-ին, Ժապալ էլ Քընէյսէ գիւղի անտառներուն մէջ լարած քու վրանիդ տակ, թէ` «ինչո՞ւ, ինչո՞ւ մեր վրանը ըլլար օտար լերան մը լանջին եւ ոչ թէ մեր խրոխտ Մասիսի լանջերուն»: Այդ օրերուն դժուար էր թերեւս երազներու հաւատալ: Բայց այսօր, այդ վրանը կարելի է սարքել անկախ Հայաստանի մէջ, ազատագրուած Արցախի լեռներու լանջերուն, գրաւեալ հողերու հայութեան վերամիացող հայկական օճախներուն մօտ, ու վաղը` անպայման Մասիսի լանջերուն:

Շնորհակալ ենք արուեստիդ, յանձնառութեանդ, պայքարի ու վերածնունդի գաղափարականիդ, պայքարի ու կատարելութեան ձգտումիդ:

Հպարտութիւն տուիր մեզի, Զաւէ՛ն Խտըշեան:

Հպարտ ենք ու խրոխտ քեզմով, սիրելի՛ Զաւէն:

Share this Article
CATEGORIES