ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

Քուէյթի մէջ հայկական մշակութային օրերու ծիրին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի պարի պետական համոյթի ելոյթները իրենց վրայ հրաւիրեցին քուէյթեան օրաթերթերուն լուսարձակները:

Արդարեւ, թերթերը ելոյթին յաջորդող օրերու իրենց թիւերուն մէջ լայն տեղ տուած են հանդիսութեան` համապատասխան լուսանկարներով արտացոլացնելով ելոյթին ընդհանուր պատկերն ու անոր ներկայ եղող պետական պաշտօնական հիւրերու պատկերը:

«Սիասա», «Նահար», «Անպա», «Քապաս» օրաթերթերը դիտել տուած են, որ ելոյթը բացառիկ տրամադրութիւններ ու տպաւորութիւն ստեղծեց, որովհետեւ անիկա դրոշմուած էր խումբին ունեցած մեծ փորձառութեամբ եւ վայելած իւրայատուկ տաղանդով:

Թերթերը գրած են, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Քուէյթի քարիւղի եւ տեղեկատուութեան նախարար շէյխ Ահմետ Ապտալլա Ահմետ Սուպահ բարձր գնահատած է ելոյթը` հաստատելով, որ արդէն ժամանակը հասած է Հայաստանի մէջ Քուէյթի օրեր կայացնելու, բան մը, որուն գծով արդէն աշխատանքներ սկսած են ու ծրագիրներ կան: Ան դիտել տուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային համագործակցութիւնը կրնայ լայնօրէն ծաւալիլ եւ բարձր մակարդակներու հասնիլ:

Քուէյթեան օրաթերթերը նաեւ նշած են, որ իր կարգին սրտի խօսք արտասանեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, որ դիտել տուած է, թէ երկու երկիրներու մշակոյթներուն միջեւ հասարակաց կարգ մը գիծեր կան, ինչ որ աւելի եւս կը դիւրացնէ համագործակցութիւնն ու միացեալ ձեռնարկներու կայացումը:

Օրաթերթերուն թղթակիցները մանրամասն կերպով խօսած են Հայաստանի պետական համոյթին կողմէ ներկայացուած 17 պարային պաստառներուն մասին, որոնց մէջ խտացուած էր հայկական մշակոյթը, առօրեան, կեանքը, ինչպէս նաեւ` մարդկային զգացումներ, տենչեր: Քուէյթի թերթերուն թղթակիցները նկատել տուած են, թէ յատկանշական էր այն, որ խումբը իր յայտագիրով կրցած էր արեւելեանն ու արեւմտեանը կամրջել հաճելի ու գեղեցիկ ձեւով:

Share this Article
CATEGORIES