«Կարկաչ» Երգչախումբի 15-Ամեակի Արժանավայել Եւ Հմայիչ Համերգը

Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին, Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին եւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթներով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շաբաթ, 5 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբի տարեկան ելոյթը` խմբավարութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի, որուն դաշնակի վրայ կ’ընկերակցէր Կամիլա Քէշիշեան: Համերգին ներկայ էին մեծաթիւ արուեստասէրներ, ինչպէս նաեւ միութենականներ եւ ծնողներ:

Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խմբավար Զաքար Քէշիշեան շեշտեց, որ «Կարկաչ»-ին 15-ամեակը, Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը եւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը մէկը միւսին առնչուած են, քանի որ էութիւնը հայկականութիւնն ու ազգային ժառանգութիւնն ու արժէքները պահպանելն է:

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որուն երգացանկին մաս կը կազմէին նաեւ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն եւ Շուշիի նուիրուած երգեր:

Համերգին երկրորդ մասով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը, որ ներկայացուց շարք մը ուրախ եւ ճոխ երգեր, որոնք արժանացան ներկաներու խանդավառութեան եւ քաջալերանքին:

Երկրորդ անգամ ըլլալով բեմ բարձրացաւ «Կարկաչ» պատանեկանը, որ երգեց համերգի հիւր հայրենի մայեսթրօ Իվան Վարդանեանի «Գարուն Երեւան» երգը, նոյնինքն` հեղինակին խմբավարութեամբ: Աւարտին, Զաքար Քէշիշեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Կարկաչ» երգչախումբին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Իվան Վարդանեանին` առ ի գնահատանք արուեստի մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին:

«Կարկաչ» երգչախումբի իւրայատուկ, 15-ամեակի արժանավայել եւ հմայիչ համերգը, 15 տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն կատարումով, հանդիսութեան տեւողութեան արժանացաւ ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն: «Կարկաչ»-ի համերգը փակուեցաւ մանկական եւ պատանեկան խումբերու միացեալ կատարումով, երբ ներկայացուեցան «Երազ իմ երկիր» եւ «Կարկաչ» երգերը, որոնք վերակենդանացուցին հայ երգն ու մշակոյթը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES