Դասական Երգի Գեղեցիկ Երեկոյ
Կիրակի, 6 մայիս 2012¬ի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրներ, յատկապէս դասական ու բարձրորակ երգերու սիրահարներ հայկական ու միջազգային երաժշտական գեղեցիկ, տպաւորիչ եւ խաղաղութիւն փոխանցող պահեր ապրեցան` Շողիկ Թորոսեանի ձայնային ու մեկնաբանական իւրայատուկ կարողութիւններով փոխադրուելով այլ աշխարհ մը:
Կազմակերպիչ մարմինին` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յաւերժ Շխրտըմեան, որ դիտել տուաւ, թէ մայիսին Համազգայինի ձեռնարկները աւելի աշխուժ թափ կը ստանան եւ անոնք կը ներառեն արուեստի զանազան մարզերը: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին ընդմէջէն Համազգայինը կը միտի որակաւոր արուեստը ներկայացնել հանրութեան, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ժողովուրդին պէտք չէ անպայման հրամցնել այն, ինչ որ ինք կ՛ուզէ, այլ պէտք է տալ որակաւորը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Համազգայինի մշակութային դարբնոց ըլլալու առաքելութեան` հաստատելով, որ Շողիկ Թորոսեան կը հանդիսանայ այդ առաքելութեան լաւագոյն պտուղներէն, յատկապէս հանդէս գալով որակաւոր եւ դասական արուեստով:
Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան մենակատարը, որ ելոյթ ունեցած է արդէն հայ թէ օտար բեմերէ` Պէյրութի, Հալէպի եւ Կիպրոսի մէջ, ինչպէս նաեւ իբրեւ մենակատար մաս կազմած է բազմաթիւ երգչախումբերու, ինչպէս` «Գուսան», «Հորովել», «Շնորհալի» եւ այլն:
Ապա եկեղեցւոյ կամարները լեցուեցան Շողիկ Թորոսեանի նուրբ, սրտերը յուզող, երգերուն իմաստ ու խորք տուող, մեկնաբանական կարողականութեամբ օժտուած ձայնով եւ հմուտ դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանի մատներէն ծնունդ առած երաժշտութեամբ:
Երեք բաժինէ օժտուած յայտագիրին մէջ իրենց տեղը գրաւած էին հայ եւ միջազգային երգարուեստի նմուշներ: Առաջին բաժինով Շողիկ Թորոսեան փառաբանեց Ս. Երրորդութիւնը` «Ամէն Հայր Սուրբ»¬ով (Արա Պարթեւեան), հայրենիքէն խապրիկ մը տալ խնդրեց «Կռունկ»¬էն (Կոմիտաս), «Հով արէք»¬ով (Կոմիտաս) դիմեց սարերուն, իր սիրածին խոստովանանք կատարեց «Ես սարէն կու գայի»¬ով (Կոմիտաս) եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց Սարոյի ու Անուշի ցաւալի սէրը` «Անուշ» օփերայէն հատուած մը ներկայացնելով (Ա. Տիգրանեան): Յայտագիրին այս բաժինի աւարտին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի աշակերտներէն Արեւիկ Սարգիս դաշնակի վրայ նուագեց «Նոքթիւրն 20 Տօ # մինոր»¬ը:
Երկրորդ բաժինով Շողիկ Թորոսեան մեծ վարպետութեամբ եւ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեց «Ave Maria»¬ն (Giulio Caccini) «Solveigs song»¬ը (Edward Greig) «Ah! Non credea mirati»¬ն (V. Bellini) «La Sonnambula» օփերայէն: Ապա հնչեցին Բ. Կանաչեանի «Օրօր»¬ն ու «Պեճինկօ»¬ն: Այս մասը եզրափակուեցաւ կրկին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի աշակերտներէն Բալիկ Լատոյեանի կողմէ դաշնակի կատարողութեամբ հնչած «Վաղարշապատի պար»¬ով: Նշենք, որ երկու աշակերտներուն ուսուցիչը Յասմիկ Գասպարեանն է եւ անոնց մասնակցութիւնը քաջալերելի էր:
Եզրափակիչ բաժինով համերգը հասաւ իր վայելքի գագաթնակէտին. հնչեցին «Կ՛անձրեւէ տղաս»¬ը (Հ. Պէրպէրեան), «Torna a Surriento»¬ն (De Curtis), «Անոր»¬ը, (Հ. Պէրպէրեան), «Կիլիկիա»¬ն (Գ. Երանեան) եւ «Հայոց տառեր»¬ը (Ա. Հեքիմեան): Դասական երգի երեկոն իր աւարտին հասցնող այս երգը լաւապէս եւ պատշաճօրէն ընտրուած էր, որովհետեւ անիկա փառաբանանքն էր մեր ոսկեղինիկին, այնպիսի հանգրուանի մը, երբ Երեւանը արդէն գիրքի միջազգային մայրաքաղաք դարձաւ, իսկ համայն հայութիւնը կը նշէ հայ տպագրութեան 500¬ամեակը:
Ժողովուրդին բուռն ծափահարութիւններուն ընդառաջելով` Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց երգ մը եւս:
Տարբեր բնոյթի երգերով կազմուած այս փունջով Շողիկ Թորոսեան հաստատեց, որ դասական արուեստը կը շարունակէ իր ուրոյն եւ հզօր տեղը գրաւել երաժշտական կեանքին մէջ` ազնուացնելով հոգիները եւ բարձրացնելով մարդոց ճաշակը:

