Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Մամուլի Մշակներու Մեծարանքի Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, հայ տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 5 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ մամուլի մշակներու մեծարանքի երեկոյ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ գործող հայկական 25 թերթերու տնօրէններու, գլխաւոր խմբագիրներու, լրագրողներու, էջադրողներու, սրբագրիչներու, աշխատակիցներու, նաեւ լիբանանահայ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն, ուր Լիբանանի նահատակներու եւ նահատակ լրագրողներու ի պատիւ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշարձանին դիմաց` ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, հոգաբարձութեան անդամներ, 500-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներու եւ լիբանանահայ թերթերու գլխաւոր խմբագիրներու:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով` խմբավարութեամբ Պօղոս Քենտիրճեանի: Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով համալսարանի գրադարանապետ Սոնիա Սիսլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` բացատրելով, որ սոյն հանդիսութիւնը նախ կը միտի շնորհակալական խօսք ուղղելու այն բոլոր լիբանանահայ թերթերուն, որոնք տարիներ շարունակ իրենց հրատարակութիւնները սիրայօժար կը տրամադրեն Հայկազեան համալսարանի գրադարանին, նաեւ ձգտում մըն է Լիբանանահայ մամուլի ընտանիքը համախմբելու եւ հրապարակաւ գնահատելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու մամուլի մշակներուն` իրենց մեծ վաստակին համար:
Այնուհետեւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան կարդաց Աստուածաշունչէն հատուած մը, ուր շեշտուած էր ճշմարտութեան գաղափարը, եւ աղօթեց մամլոյ մշակներուն համար` շեշտելով եւ արժեւորելով մամուլի ունեցած առաքելութիւնը եւ պատասխանատու դերը մեր պատմութեան մէջ:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի Մամլոյ սենտիքայի անդամ դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան: Ան խօսելով «Հայ մամուլի դերը, տեղը եւ առաքելութիւնը լիբանանահայ կեանքին մէջ նիւթին մասին կարեւորութեամբ ընդգծեց մամլոյ ունեցած կարեւորութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ` շեշտելով, որ հակառակ լսատեսողական, համացանցային կամ համակարգչային արդիականութեան եւ արագութեան հոլովոյթին, մամուլը կը մնայ անտարբերակելի եւ անկրկնելի մարզը` իր տպագրական-հրատարակչական թաւալքով, որ չի կրնար փոխարինուիլ նոյնիսկ նորագոյն զարգացումներով, ոչ ալ կրնայ ի սպառ ջնջուիլ:
Ան հաստատեց, որ հայրենի հողէն դուրս արմատ նետած հայ մամուլը եղաւ հայ ժողովուրդի հայապահպանումի եւ հայակերտումի փրկութեան պատուանդանը: «Հայ մամուլը դարձաւ հայ ժողովուրդի մտաւորական աշխարհի ու ստեղծագործական միտքի հնոցը, նաեւ եղաւ անոր ազգային-ազատագրական պայքարի ու լինելիութեան ուղեցուցային գրաւականը», շեշտեց Աղպաշեան եւ անդրադառնալով լիբանանահայ մամուլին, որ ունի շուրջ հարիւր տարուան հարուստ պատմութիւն մը, հաստատեց, որ անիկա եղաւ վստահելի եւ կշռելի կռուանը` իմաստաւորելու ու խրախուսելու լիբանանահայութեան ազգային, մշակութային, կրթական, միութենական եւ ընկերային կեանքը: Շարունակելով իր խօսքը` Աղպաշեան անդրադարձաւ այն տուեալներուն եւ երեւոյթներուն, որոնք կը նպաստեն հայ մամուլը պահելու եւ այժմէականացնելու աշխատանքին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է վերանորոգութիւն եւ բարեկարգում: «Լիբանանահայ մամուլին վաստակաւոր գործիչներուն զուգահեռ, անյետաձգելիօրէն կարիքը կայ հայ մամուլը երիտասարդացնելու պահանջին, թէ՛ նոր մարդուժի զինուորագրութեամբ, թէ՛ կոչումնակիրի պաշտօնակոչումով, թէ՛ առաքելակիրներու ընտրութեամբ, եզրափակեց Պ. Աղպաշեան:
Գեղարուեստական բաժինով Շուշան Արթինեան (թաւջութակ), Կարին Հայտոսթեան (ջութակ) եւ Մեղրի Պաղտոյեան (ջութակ)` ղեկավարութեամբ Ռուպինա Արթինեանի, ներկայացուցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն «Քելէ քելէ»-ն եւ «Հոյ նազան»-ը:
Հանդիսութեան յաջորդ բաժինով կատարուեցաւ գնահատագիրներու տուչութիւն, որուն ընթացքին Լիբանանահայ մամուլի գլխաւոր խմբագիրները ստանձնեցին իրենց թերթի նաեւ խմբագրակազմին պատուոյ գիրերը:
Աւարտին խօսք առաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շեշտեց, թէ լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան եւ գոյատեւման հիմնական պատճառներէն մէկն է մամուլը, լեզուն եւ հոգին` հաստատելով, որ մամուլը կարօտ է որակաւոր մշակի: Ան գոհունակութիւն յայտնեց մեծաթիւ երիտասարդ մշակներու ներկայութեան համար:
Իր խօսքի աւարտին վեր. Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Կարօ Աբրահամեանի` «Տէրեան» գրադարանին հետ անոր ունեցած տարիներու անսակարկ եւ անշահախնդիր գործակցութեան համար:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայկազեան համալսարանի քայլերգով:

