Յիշէ՛, Ո՛վ Լիբանանցի…

Հաղորդագրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմնի անդամները ծաղկեպսակ կը զետեղեն Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի Լի­բա­նա­նի երի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նը ստո­րեւ ներ­կա­յաց­ուած
հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը յղեց Լի­բա­նան­եան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն եւ բաժ­նեց լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դին:

Յի­շէ՛, ո՛վ լի­բա­նան­ցի` 6 մա­յի­սը, հայ­րե­նի­քին հա­մար զոհ­ուած նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը, ըլ­լան անոնք  իս­լամ թէ քրիս­տոն­եայ:

Յի­շէ՛, որ անոնք Կեդ­րո­նա­կան Պէյ­րու­թի մէջ կա­խա­ղան բարձ­րա­ցան, ձե­ռամբ` արիւ­նար­բու Ճե­մալ փա­շա­յի, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան գլխա­ւոր խորհր­դա­նիշ­նե­րէն, որոնք գոր­ծադ­րե­ցին նա­եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը` ան­ճի­տե­լով եւ սպան­դի են­թար­կե­լով մէ­կու­կէս միլի­ոն հայ:

Ո՞ւր են լի­բա­նան­ցի քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Ին­չո՞ւ ջնջուած է այս պատ­մու­թիւնը:

Արդ­եօք այս օրը աւե­լի նուա՞զ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ` այլ օրե­րու զու­գա­դի­պող ու­րիշ առիթ­նե­րէ եւ տօ­նե­րէ:

Ո՛վ լի­բա­նան­ցի, միշտ պէտք է յի­շես, որ առանց 6 մա­յի­սին դուն առիթ պի­տի չու­նե­նա­յիր այլ տօ­ներ ու­նե­նա­լու եւ ապա զա­նոնք նշե­լու:

Դուն նա­եւ պէտք է գիտ­նաս, որ Կեդ­րո­նա­կան Պէյ­րու­թի մէջ կանգ­նած Նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձա­նը կը կա­րօտ­նայ այս երկ­րին ազա­տա­կան­նե­րուն ձե­ռամբ զե­տե­ղուող ծաղ­կեպ­սակ­նե­րուն: Արդ­եօ՞ք դուն ալ ազատ ես:

Այս կո­չը լի­բա­նա­նա­հայ երի­տա­սար­դու­թեան կող­մէ ուղղ­ուած է իւ­րա­քան­չիւր լի­բա­նանցիի, որով­հե­տեւ հա­յու­թիւնը ապ­րած է սպան­դի ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը եւ գի­տէ նա­հա­տա­կու­թեան ար­ժէ­քը:

Իսկ եթէ Լի­բա­նա­նի նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը քա­ղա­քա­կան որո­շու­մով մը ջնջուած է Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­կան տօ­նե­րէն, ապա անի­կա կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ ջնջել Լի­բա­նա­նի պատ­մու­թե­նէն եւ երի­տա­սար­դու­թեան սրտե­րէն:

ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ 100-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ
ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԻ ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐ­ԴԱ­ԿԱՆ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ՄԱՐ­ՄԻՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES