«Ազդակ»-ի Խմբագրական Կազմի Երկար Տարիներու Բազմավաստակ Անդամ Շահանդուխտի Պարգեւատրում` Մամլոյ Սենտիքային Կողմէ
7 մայիսին Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան մամուլի նահատակներու յիշատակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 50 տարիէ ի վեր լիբանանեան մամուլին ծառայած 14 վաստակաւորներու, որոնց կարգին` «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամներէն հրապարակագիր, գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական Շահանդուխտին:
Հանդիսութեան իշխանութեան երեք պետերը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք:
Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքէ, որ դիտել տուաւ, թէ իւրաքանչիւր 6 մայիսի ոգեկոչումով աւելի եւս կ՛ամրապնդուի ազատ խօսքի, համոզումի համար պայքարելու կամքը, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերուի Լիբանանի մէջ լրագրութեան խաղացած կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւնը, յատկապէս որովհետեւ անիկա կը շարունակէ իր այս առաքելութիւնը` նպատակադրելով ազատ խօսքի ու արտայայտութեան ճամբով հանրութեան փոխանցել ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ համայն աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ այն անհամար զոհողութիւնները, զորս կատարեց լիբանանեան լրագրութիւնը` խօսքի ազատութեան բագինին:
Պաալպեքիի համաձայն, հերոսներու նահատակութեամբ ազգային իսկական միասնականութիւն հաստատուեցաւ ազգի զաւակներուն միջեւ, իսկ ներկայիս անոնց նահատակութիւնը պէտք է միասնականութեան առաջնորդող ներշնչման աղբիւր հանդիսանայ:
Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ լիբանանեան լրագրութիւնը միշտ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, ինչ ալ ըլլան մարտահրաւէրները:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Տաուք վեր առաւ մամուլի ունեցած մեծ, նուիրական եւ կարեւոր դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ պէտք չէ միայն մայիս 6-ին սպասել, որպէսզի կարելի ըլլայ արժեւորել լրագրողներն ու ազատ խօսքի եւ ճշմարտութեան փոխանցման նպատակով անոնց կատարած մեծ զոհողութիւնները`
շնորհաւորելով մեծարեալները ու բարձր գնահատելով անոնց աշխատանքը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ լրագրողները պէտք է արժանանան պատշաճ վերաբերումի, իր կողքին գտնէ օժանդակողներ ու աջակիցներ, որպէսզի կարենայ իր առաքելութիւնը լիուլի կատարել:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում:
Պարգեւատրուեցան հետեւեալ անձերը. Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պերթիզլեան), Թալալ Սալման, Անթուան Քամել, Ռաուֆ Շահրուրի, Մորիս Հայիք, Էմիլ Խուրի, Անթուան Շիտիաք, Լայլա Հաուաթ Խալիֆէ, Ֆուատ Քարամ, Մորիս Քլտեուի, Հասսան Խուրի, Լայլա Շըէյպ, Էլիաս Տիրի, Մունիր Ռաֆեհ:
Հայ մամուլին նուիրեալներէն Շահանդուխտի պարգեւատրման ներկայ եղող Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այս առիթով յայտնեց, որ այս պարգեւատրումը Շահանդուխտի անձին ընդմէջէն կը փոխանցուի «Ազդակ»-ին եւ լիբանանահայ մամուլին ընդհանրապէս: Ան շեշտը դրաւ լրագրական ասպարէզի կարեւորութեան վրայ` հաստատելով, որ անիկա պէտք է մնայ ազատ, որպէսզի կարենայ իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարել:
Պարգեւատրուելէ ետք Շահանդուխտը Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի յանձնեց իր «Սանինէն ջուր խմեցինք» Լիբանանի նուիրուած գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, զոր կատարած է Գէորգ Չիլինկիրեան:
«Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով այս առիթով մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները Շահանդուխտին, որ անգամ մը եւս եկաւ բարձրացնելու «Ազդակ»-ին անունը եւ հպարտութիւն ներշնչելու բոլորիս:

