… Ու Դարձանք Յուշարարներ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Բոլոր լիբանանցիներուն համար յստակ է, թէ 6 մայիս 1916-ը ի՛նչ կը խորհրդանշէ, սակայն դիտմամբ փորձեր կը կատարուին այդ տօնը ջնջելու:

Ասիկա անկասկած բարի նպատակ մը չէ, որովհետեւ կը միտի ջնջել Լիբանանի պատմութեան այն 400 տարիները, որոնք եղան սեւ ու դաժան, երբ Լիբանանին իշխող ու լիբանանցիները սովի ու սպանութեան ենթարկող Օսմանեան կայսրութիւնը կախաղաններ բարձրացուց Պուրճի հրապարակին վրայ եւ խլեց լիբանանցի մտաւորականներուն ու ազատականներուն կեանքերը:

Եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ այդ հրապարակը կոչուեցաւ Նահատակաց հրապարակ եւ անոր վրայ զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշարձանը:

Թէեւ յուշարձանը հսկայ է եւ ինքզինք կը պարտադրէ մայրաքաղաքին ու Կեդրոնական Պէյրութի սրտին մէջ, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ, ուր մատի ետին պահուըտելու եւ իր փափաքածը տեսնելու քաղաքականութիւնը ընդհանրացած է ու շեշտուած, թերեւս այդ յուշարձանը չափի իմաստով փոքր ըլլայ…

Կեդրոնանալով այդ հրապարակին ու յուշարձանին վրայ` պէտք է նշել, որ այս տարուան ընթացքին այդ յուշարձանը արժանացաւ միայն երկու ծաղկեպսակի, որոնցմէ մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինին կողմէ` Նահատակաց տօնին առիթով, իսկ միւսը` Հայկազեան համալսարանին կողմէ` Լիբանանի նահատակ լրագրողներու տօնին առիթով:

Անընդունելի է այն մօտեցումը, որուն հիման վրայ Նահատակաց տօնը փոխուեցաւ ու դարձաւ Նահատակ լրագրողներու տօն. կարելի չէ հանդուրժել այն իրականութիւնը, որ իշխանութիւններ, միութիւններ ու սենտիքաներ իրենց հաղորդագրութիւններուն մէջ դիտմամբ անտեսեցին դահիճներուն անունը, իսկ յոռեգոյնը այն է, որ քաղաքական որոշ անձնաւորութիւններ յանդգնութիւնը ունեցան նենգափոխելու պատմութիւնը եւ բուն դահիճները փոխարինելու այլ ոճրագործներով. այս մէկը արդէն կտրականապէս մերժելի ու խստիւ դատապարտելի է:

Աւելի՛ն. այս տարի 6 մայիսը համակուեցաւ ընտրութիւն բուրող ընդհանուր մթնոլորտով մը:

Ամիսներ առաջ ներքին գործոց նախարարին որոշումով 6 մայիսը ճշդուեցաւ իբրեւ լիբանանեան որոշ շրջաններու մէջ քաղաքապետական մասնակի ընտրութիւններ կատարելու պաշտօնական թուական: Այլ թուական կարելի չէ՞ր որոշել:

Երկրին գործադիր իշխանութեան կողմէ նուազագոյնը ծաղկեպսակի մը արժանի չէ՞ին Լիբանանի անկախութեան կերտման ճամբուն վրայ զոհուած նահատակները:

Մուսթաքպալ հոսանքը պէ՞տք էր Նահատակաց յուշարձանին կողքին կատարէր իր հաւաքը: Անոր հսկայ դահլիճներ կը պակսէ՞ին` կազմակերպելու իր նախընտրական հաւաքը:

Այս բոլորը զուգադիպութիւններ չեն կրնար ըլլալ, իսկ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը ձեռնածալ ու լուռ չի կրնար մնալ Լիբանանի նահատակներուն դէմ գործուած այս կրկնակի սպանութեան առընթեր: Հետեւաբար ան կը վերածուի յուշարարի եւ իր սկզբունքներով ու նահատակներուն յիշատակին հաւատարիմ մնալով, իւրաքանչիւր առիթի կը փորձէ աշխուժացնել նաեւ լիբանանցիներուն յիշողութիւնը` փորձելով խօսիլ անոր խղճին հետ, ձայնակից մը գտնելու յոյսով…

Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ կ՛արտօնէ այլոց կամ իր ղեկավարներուն հարուածել իր հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ ան պիտի իյնայ իր ինքնութիւնը վտանգող ձորին եզրին եւ ապա ինքզինք գտնէ այդ ձորին անդունդը, այլ խօսքով` պիտի դառնայ ինքնութիւն եւ ազգային դիմագիծ չունեցող հաւաքականութիւն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES