Յունաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Որեւէ Ուժ Բացարձակ Մեծամասնութիւն Չկազմեց
6 մայիսին Յունաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յառաջատար դիրքը գրաւած է Նոր ժողովրդավարութիւն աջ կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը` Անթոնիս Սամարասի գլխաւորութեամբ, որուն կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 18.9 առ հարիւրը:
Ալեքսիս Ցիփրասի արմատական ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 16.7 առ հարիւրը, իսկ նոր նացիական «Ոսկեայ արշալոյս» կուսակցութիւնը` շուրջ 7 առ հարիւրը:
Յունաստանի համաձայնական կառավարութեան անդամ ընկերվարական ՓԱՍՕՔ կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն շուրջ 13 առ հարիւրը: Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող ՓԱՍՕՔ եւ «Նոր ժողովրդավարութիւնը, որոնք 2009-ին միասնաբար հաւաքած էին քուէներուն գրեթէ 80 առ հարիւրը, այս անգամ զրկուած են այդ ձայներուն զգալի մասէն` երկրին մէջ պետական ծախսերը կրճատելու ուղղուած միջոցառումներուն պատճառով:
Այսինքն` գործող կուսակցութիւններէն ոչ մէկը պիտի կարենայ ինքնուրոյն կառավարութիւն ձեւաւորել, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու համար պէտք էր ստանային ձայներուն 37 առ հարիւրը: Հետեւաբար, համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար անոնք կարիքը պիտի ունենան փոքր կուսակցութիւններու աջակցութեան:
Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարը արդէն յայտարարած է, որ մտադիր չէ նոր ընտրութիւններ պահանջել, իսկ կրկնակի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան այն պարագային, երբ յաղթանակ արձանագրած կուսակցութիւնը չի կրնար կառավարութեան ձեւաւորման հարցին մէջ համաձայնութիւն գոյացնել:


