Փութին Երրորդ Անգամ Ըլլալով Ստանձնեց Նախագահի Պաշտօնը

Վլատիմիր Փութին

Քրեմլինի պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 4 մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Վլատիմիր Փութինի երդման արարողութիւնը, որ սկսաւ Քրեմլինի Սոպորնայա հրապարակին վրայ նախագահական գունդին կողմէ գործող նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաժեշտով:

Փութինի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քրեմլինի Անտրեւսքի դահլիճին մէջ, ուր Մետվետեւ նորընտիր նախագահին փոխանցեց նախագահական իշխանութեան խորհրդանիշը: Փութինի երդման արարողութենէն ետք, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Վալերի Զորքին զինք Ռուսիոյ նախագահ յայտարարեց:

Tert.am կը հաղորդէ, որ արարողութեան հրաւիրուած էր շուրջ երեք հազար մարդ, որոնց շարքին` կառավարութեան, Տումայի եւ Դաշնակցային խորհուրդի անդամներ, Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ, պետական մարմիններու այլ ներկայացուցիչներ:

Ներկայ եղած են նաեւ Փութինի նախընտրական քարոզարշաւին մասնակցած վստահուած անձերն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` ընտրութիւններուն մասնակցած նախագահութեան այլ թեկնածուներ, դիւանագիտական, գիտական, մշակութային, հասարակական գործիչներ:

Իբրեւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար` Փութինի պիտի փոխանցուի ռազմական հիւլէական ուժերու կառավարումը:

Ասիկա Փութինի նախագահութեան երրորդ նստաշրջանն է, որ պիտի տեւէ վեց տարի: Ան առաջին անգամ նախագահ ընտրուած է 2000-ին եւ վերընտրուած` 2004-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES