Ֆրանսուա Հոլլանտ` Ֆրանսայի Նախագահ

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ հետեւանք, ինչպէս կը սպասուէր, յաղթանակ արձանագրեց Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ:

Ան հաւաքեց քուէներուն 52 առ հարիւրը: Անոր մրցակիցը` գործող նախագահ, աջ-կեդրոնամէտ Նիքոլա Սարքոզին ընդունեց իր պարտութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Հոլլանտին:

Սարքոզի 1981-էն ետք Ֆրանսայի առաջին գործող նախագահն է, որ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին պարտութիւն կը կրէ: Իսկ ընկերվարականներուն համար ասիկա վերջին 17 տարիներուն ընթացքին առաջին դէպքն է, որ Էլիզէի պալատին մէջ ղեկավար պիտի դառնայ ընկերվարական թեկնածու մը: Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ քաղաքականութեան մէջ իր 30 տարիներու գործունէութեան ընթացքին երբեք բարձր պաշտօններ, ներառեալ` նախարարի պաշտօն չէ վարած, խոստացած է բարելաւել ֆրանսացիներուն ընկերային-տնտեսական կեանքը, լուծել եւրոյի գօտիին մէջ Ֆրանսայի դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:

Նշենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն 6 ամիս առաջ զօրակցած էր Հոլլանտի թեկնածութեան:

Share this Article
CATEGORIES