Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական երկխօսութիւնը երբեք չի նպաստեր ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու քայլերուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր այսօր պիտի մեկնի Շարմ Շէյխ` մասնակցելու համար ոչ յանձնառու երկիրներու խորհրդաժողովին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն  Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերան: Քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վերաբերող հարցեր:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ առեւանգուած են  երկու սուրիացիներ: Զանոնք առեւանգողները հինգ հազար տոլարի փրկագին պահանջած են` զիրենք ազատ արձակելու համար:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց Քանատա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցի երեսփոխաններուն յայտարարութիւնները եւ մտայնութիւնը ամօթալի մակարդակի հասած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ առանց ընտրական օրէնքին քաղաքական եւ տնտեսական ոչ մէկ բարեկարգում կարելի է իրագործել: Ան շեշտեց, որ պէտք է բացայայտել գրաւուած զէնք փոխադրող նաւուն հարցին ծալքերը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա պահանջեց կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Ան իր պահանջին իրականացման յարմար ժամկէտը նկատեց 2013-ի սկիզբը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանեալները Միջազգային դատական ատեանին կողմէ դատավարութեան պիտի ենթարկուին 2012-ի աւարտէն յառաջիկայ տարուան մարտ ամսուան ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կարելի չէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կիրարկել, երբ երկրին մէջ տիրող զէնքի ուժը կը մնայ գերիշխող:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ իրենք ռահվիրաներ եղած են լիբանանցիները ազգային երկխօսութեան հրաւիրելու իմաստով:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ Հաուրթաալա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը ենթարկուեցաւ կրակոցի, որմէ ետք բանակը նոյն շրջանին մէջ սկսաւ հետապնդումներու եւ հետախուզութեան` ձերբակալել կարենալու համար այդ դէպքին պատասխանատուները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ Սամիր Ժահժահի դէմ մահափորձ կատարող կողմերը Լիբանանի մէջ տիրող բոլոր իրադարձութիւններուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն ունեցող ուժեր են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր լուծման մը յանգիլ` նիւթական ծախսերու թղթածրարին շուրջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ 7 մայիսը փառքի օր չէ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ձեռքը կոտրել:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը բողոքած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութեան եւ անկէ պահանջած պատժել Իսրայէլ մուտք գործած սպանացի սպան:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Լիբանան վերադարձը երկրին վերադարձուցած է իր հաւասարակշռութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ եւրոպական ոչ մէկ նպատակ կայ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու յատուկ գաղթակայան մը ստեղծելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կտրականապէս մերժեց այս կամ այն ուժին կողմէ Լիբանանի հրահանգելու կամ որոշ պայմաններ պարտադրելու քայլերը: Ան նշեց, որ Ֆելթման ամերիկացի պատուիրակ մըն է, որուն առաքելութիւնն է մղել Լիբանանը` Իրանի տրամադրած օժանդակութիւնները մերժելու:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան կարելի չէր տեսնել, որ Իսրայէլը Լիբանանի դէմ ներխուժում կատարելէ առաջ հազար անգամ մտածէ այդ արարքին հետեւանքներուն մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES