Հարիրի. «Կը Մերժենք Սիւննի – Շիի Գրգռութիւնները Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Անկեղծ Երկխօսութեան»

Մուսթաքպալ հոսանքի հաւաքը` Նահատակաց հրապարակին վրայ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ` ներկայութեամբ արտաքին յարաբերութեանց պետական նախարար Խալետ Աթիէի եւ Նատեր Հարիրիի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս արաբական երկիրներուն զարգացումներն ու լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ:

Քննարկուեցան արաբական աշխարհը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, կիրակի, 6 մայիսին, Նահատակաց հրապարակին վրայ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած հաւաքին ընթացքին իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին մէջ Հարիրի

հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ գրգռութիւններն ու սադրանքները:

Ան կոչ ուղղեց անկեղծ երկխօսութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն զէնքի ուժը, որ կը փորձէ իշխել Լիբանանին եւ լիբանանեան ընկերութեան` սպառնալով լիբանանեան համերաշխութեան եւ մերժելով Պէյրութի ընտանիքներուն ու Պէյրութի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը:

Հարիրի կոչ ուղղեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին բոլորը ուղղուին դէպի քուէատուփեր եւ 2009-ի նման քուէարկեն բռնարարքներուն ու զէնքին դէմ:

«Մենք կը զօրակցինք լիբանանեան համակեցութեան` բոլոր համայնքներուն ու յարանուանութիւններուն միջեւ եւ երկրին սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնութեան յարկին տակ», ըսաւ Հարիրի:

 

Share this Article
CATEGORIES