Ազգային Ազատ Հոսանքին Կազմակերպութեամբ` Զօր. Աունի Լիբանան Վերադարձին Առիթով Ժողովրդային Փառատօն

Զօր. Աուն կ՛ողջունէ իր համակիրները

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն մը` նշելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Լիբանան վերադարձի թուականը:

Այս առիթով զօր. Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ օրերն ու խորհրդակցութիւնները շեշտեցին, որ իրենց եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ հիմնական տարակարծութիւններ կան, որոնք յատկապէս կը դրսեւորուին իշխանութեան մէջ համագործակցութեան եւ հաւասարակշռութիւնները պահպանելու հարցով:

Զօր. Աուն նշեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին իրենք զօրակցած են Դիմադրութեան եւ անկարելի նկատած են լիբանանցիներուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք ցուցաբերել:

Ակնարկելով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ այդ դրութեան մերժումին` զօր. Աուն շեշտեց, որ Քամալ Ժոմպլաթ մնայուն կերպով պահանջած է համամասնական դրութիւնը եւ ըսաւ. «Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը Ժոմպլաթի քաղաքական ուժը չի լուսանցքայնացներ, այլեւ` անոր կու տայ իր արդար եւ բնական չափը: Մենք անոր փոխանցեցինք, որ մոռցած ենք մեր եկեղեցիներէն գողցուած զանգերը եւ ներած ենք մեզի դէմ գործուած սպանդները, սակայն երբեք պիտի չարտօնենք, որ ան զրկէ մեզ մեր իրաւունքներէն»:

Զօր. Աուն հաւաստեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ գործադիր իշխանութեան աշխատանքը կը խոչընդոտուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութեանց` զօր. Աուն յայտնեց, որ առանց ամչնալու պէտք է շեշտել, որ Սուրիան շատ աւելի մօտ է ժողովրդավարութեան, քան որեւէ այլ արաբական երկիր:

 

Share this Article
CATEGORIES