Շարպել Կը Հաստատէ Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Ժողովրդավարութիւնը
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել, որ կիրակի ամբողջ օրուան ընթացքին հսկեց Լիբանանի որոշ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական մասնակի ընտրութիւններուն, անոնց աւարտին յայտնեց, որ այդ ընտրութիւնները ընթացած են ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ եւ կատարեալ խաղաղութեամբ:
Շարպելի համաձայն, ընտրութիւններուն այս յատկութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին գիտակցութեան եւ խոհեմութեան շնորհիւ է: Ան ըսաւ, որ քուէարկողներուն համեմատութիւնը ընդհանուր առումով 70 առ հարիւր եղած է` աւելցնելով, որ որոշ գիւղաքաղաքներու մէջ այդ համեմատութիւնը հասած է 91 առ հարիւրի:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ քուէահամարի աշխատանքը իր կարգին ընթացած է հանդարտ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ:
Շարպել մաղթեց, որ ընտրական այդ խաղաղ մթնոլորտը երկարի մինչեւ 2013` աւելցնելով, որ իր փափաքն է, որ նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի ըլլայ մշակել ընտրական օրէնք մը:
«Լիբանանի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը անհրաժեշտութիւն են, եւ այդ կայունութիւնը խախտելու հաւանականութիւնը միակ պարագան է, որ կրնայ արգիլել Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը», շեշտեց Շարպել:

