Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է գրեթէ բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ պետական նշանակումներուն եւ նիւթական թղթածրարներուն վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց ընդհանուր, ինչպէս նաեւ քարիւղի հարցին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց նաեւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, որուն շնորհաւորեց իր ընտրութեան առիթով եւ ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ լաւ յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը շնորհակալական հեռագիր մը ստացաւ Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիէն, որ մաղթեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութիւնը Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գործակցութեան նոր թափ տայ:


