Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի – Փլամպլի` Հանդիպում
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Նուհատ Ժապըրը, որ ընդգծեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ սպաննուած լիբանանցի ուսանող Մոհամետ Սելիմ Ուալիտ Ալայլիի ծնողքին հետ` ընդգծելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն այդ հարցին հետաքննութեան հետապնդումը:
CATEGORIES Լիբանանեան


