Նախագահ Սլէյման Գոհունակութիւն Կը Յայտնէ Քաղաքապետական Ժողովրդավար Եւ Հանդարտ Ընտրութիւններուն Առնչութեամբ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գոհունակութիւն յայտնեց քաղաքապետական ժողովրդավար եւ հանդարտ ընտրութիւններուն առնչութեամբ: Ան դրուատեց ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն ջանքերը` քաղաքապետական այս ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ կայացնելու առումով:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ճշդուած այդ թուականին կայացած ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ ընտրութիւնները ժողովրդավարական են:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վաղը` չորեքշաբթի օր, Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին օրակարգը:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմաններու ճշդման վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, բարձրաստիճան զինուորականներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի յատուկ ծովային սահմանները եւ տնտեսական տարածքը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը` բնական կազի եւ քարիւղի հանքերը պեղել կարենալու համար:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն եւ ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի ընտրութեան` նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Հոլանտը, աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կան դարաւոր յարաբերութիւններ, որոնք մնայուն կերպով եղած են հեզասահ:
Նախագահ Սլէյման հաւաստեց, որ երկկողմանի այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի ամրապնդուին Հոլանտի իշխանութեան ընթացքին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Լիբանանի Կարմիր խաչի մէկ պատուիրակութիւնը եւ Պէյթէտտինի փառատօնը կազմակերպող յանձնախումբը:


