«Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Իր Ճակատագիրը Ինք Պէտք Է Որոշէ» Կ՛Ըսէ Ալմակրօ

Լուիս Ալմակրօ

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ 4 մայիսին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցին մէջ հիմնականը ըլլայ:

Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետ` ընդգծելով, որ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի դրոյթներէն մէկն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ:

«Ատիկա պէտք է հաշուի առնել այս խնդիրին լուծման ժամանակ: Ուրուկուէյը նաեւ կը դատապարտէ ռազմաշունչ յայտարարութիւնները», ըսաւ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները բազմիցս` արտայայտուած են այդ կապակցութեամբ: «Իր ճակատագիրը պէտք է որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը», ընդգծած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES