Կիրակի Օր Հայաստանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կայացան. Հանրապետականը, Բարգաւաճ Հայաստանը, Հայ Ազգային Քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը, ՀՅԴ-ն Եւ Օրինաց Երկիրը Ներկայացուեցան Խորհրդարանին Մէջ
Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ ներկայացուց բոլոր 1892 ընտրատեղամասերուն մէջ քուէարկութիւններու նախնական արդիւնքները: Ձայները բաժնուած էին հետեւեալ ձեւով.
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն` 454,684 կամ 30.20 առ հարիւր:
Ժառանգութիւն կուսակցութիւն` 87,095 կամ 5.79 առ հարիւր:
Հայ ազգային քոնկրես` 106,910 կամ 7.10 առ հարիւր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 86,296 կամ 5.73 առ հարիւր:
Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն` 5933 կամ 0.20 առ հարիւր:
Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւն` 15,933 կամ 1.06 առ հարիւր:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն` 663,066 կամ 44.05 առ հարիւր:
Միաւորուած հայեր` 3080 կամ 0.21 առ հարիւր:
Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն` 82,690 կամ 5.49 առ հարիւր:
Հանրապետականը` Մեծամասնութիւն
Նախնական տուեալներով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է նոր խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը:
Հայաստանի խորհրդարանը բաղկացած է 131 պատգամաւորներէ, որոնցմէ 90-ը կ՛ընտրուին համամասնական ցուցակներով, իսկ 41-ը` մեծամասնական ընտրակարգով: Ընտրութեան արդիւնքներուն նախնական տուեալներով, զորս հրապարակած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը` 98 առ հարիւրով քուէաթերթիկներու հաշուարկին իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է համամասնական ընտրակարգով ձայներուն 44,05 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան համամասնական ընտրակարգով պիտի ստանայ 40 աթոռ:
Բացի անկէ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուները յաղթած են մեծամասնական 28 ընտրատարածքներուն մէջ:
Այսպիսով, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը նոր խորհրդարանին մէջ կ՛ունենայ առնուազն 69 պատգամաւոր (որոշ ընտրատարածքներու մէջ յաղթած են անկուսակցական պատգամաւորներ, որոնց եւս Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը կ՛աջակցէր, այնինչ մեծամասնութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ 66 պատգամաւորներ:
Նշենք, որ գործող` Չորրորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւնը ունի 62 անդամներ:
Խորհրդարանին Պատկերը
Արդէն կարելի է ստանալ նորընտիր` հինգերորդ գումարման Ազգային Ժողովի նախնական պատկերը, մասնաւորապէս, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը քանի աթոռ ունի խորհրդարանին մէջ:
Նախ եւ առաջ, թերեւս աւելորդ չէ նկատել, որ ստորեւ բերուելիք ցուցանիշները վերջնական չեն` եւ կախուած վերջնական ճշգրտումներէն, հաւանաբար ենթարկուին աննշան փոփոխութիւններու: Այնուամենայնիւ, մենք կարելիութիւն ունինք ստանալու վերջնականէն քիչ շեղուող պատկեր:
Եթէ հաշուի առնենք Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած նախնական տուեալները, ապա խորհրդարան անցած են 6 քաղաքական ուժեր` 5 կուսակցութիւն (ՀՀԿ, ԲՀԿ, ՀՅԴ, «Ժառանգութիւն» եւ ՕԵԿ) եւ մէկ կուսակցութիւններու դաշինք` ՀԱԿ–ը:
Քաղաքական ուժերուն ստացած ձայներուն նախնական մեծութիւնները որոշակիօրէն կ՛աճին ի հաշիւ 5 տոկոսնոց արգելքը չյաղթահարած ուժերու հաւաքած քուէներուն: Մասնաւորապէս, Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան, Հայաստանի դեմոկտարական կուսակցութեան եւ Միաւորուած հայերուն հաւաքած 1.63 առ հարիւր քուէները համապատասխան կշիռներով կը բաշխուին այդ արգելքը յաղթահարած քաղաքական 6 ուժերուն միջեւ: Իսկ այդ կշռուած տոկոսները բաշխելով համամասնական ընտրակարգով նախատեսուած 90 խորհրդարանական տեղերուն վրայ եւ անոնց գումարելով նաեւ մեծամասնական տեղերուն քանակը` կը ստանանք, որ ՀՀԿ–ն կ՛ունենայ 66, ԲՀԿ–ն` 37, ՀԱԿ–ը` 7, ՕԵԿ–`ը 6, «Ժառանգութիւն»ը եւ ՀՅԴ–ն` 5–ական տեղ խորհրդարանին մէջ:
Բացի կուսակցական համամասնական ցանկերուն մէջ ընդգրկուած թեկնածուներէն, խորհրդարան անցած են նաեւ 6 հոգի, որոնցմէ 3-ը առաջադրուած եղած են ՀՀԿ–ին կողմէ եւ հաւանաբար կը մտնեն ՀՀԿ խմբակցութիւն: Անոնք են` Գարեգին Նուշիկեան` թիւ 10 ընտրատեղամասէն, Սեդրակ Սարոյեան` թիւ 19-էն եւ Արկադի Համբարձումեան` թիւ 29-էն: Այսպիսով` ՀՀԿ–ի պատգամաւորներուն թիւը կը հասնի 69-ի, այսինքն` նոյնիսկ 3 աթոռով աւելի, քան բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ նուազագոյնը:
Այսպիսի ցուցանիշը ՀՀԿ–ին կարելիութիւն կու տայ նոյնիսկ առանց համախաձայնութիւն կազմելու` ձեւաւորելու Կառավարութիւն: Բայց ան համաձայնական կառավարութիւն կը կազմէ, թէ ոչ, ցոյց կու տայ ժամանակը:
Այսպիսով, պէտք է արձանագրել, որ նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ ամէնէն զգալի աճը արձանագրած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` իր պատգամաւորներու թիւը աւելցնելով 11-ով, իսկ մեծագոյն կորուստը ունեցած է ՀՅԴ–ն` 16 աթոռի փոխարէն այժմ ունենալով ընդամէնը 6: Երկուքական աթոռ կորսնցուցին Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը աւելցուց իր աթոռներուն քանակը 5–ով:
Ընտրութիւններուն Մասնակիցներուն
Թիւը` Անարժանահաւատ
Ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան միջկուսակցական միասնական կեդրոնը 6 մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշելով, որ քուէարկութեան օրուան ընթացքին արդէն իսկ իր կողմէ հրապարակուած են ընտրական հոլովոյթին մէջ տեղ գտած օրինախախտումներուն վերաբերեալ երկու յայտարարութիւններ, յայտնեց, որ ընտրութիւններու մասնակիցներուն պաշտօնապէս հրապարակուած խիստ անարժանահաւատ թիւը միայն կը խորացնէ կասկածները ընտրութիւններու օրինական ընթացքին վերաբերեալ:
Երեք քաղաքական ուժերու` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսին եւ ՀՅԴ-ի ձեւաւորած միասնական կեդրոնը նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ շարունակել միացեալ ջանքերը ընտրական հոլովոյթին, բողոքարկման եւ վերահաշուարկներուն կազմակերպման ուղղութեամբ:
ՀՅԴ–ն Դժգոհ` Ընտրութեանց
Արդիւնքներէն
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին իր դժգոհութիւնը արտայայտեց նախանցեալ օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներէն:
Ըստ անոր, ընտրութիւններուն «յաղթեց դրամը» եւ «ընտրակաշառքը վճռորոշ ազդեցութիւն ունեցաւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ»:
Մարգարեան ընդգծեց, որ ոչ թէ ընտրութիւններով արտայայտուեցաւ ժողովուրդին կամքը, այլ արձանագրուեցան այն քուէները, որոնք ձեռք բերուեցան ընտրակաշառքով:
Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախնական արդիւնքներուն, Դաշնակցութիւնը ստացած է ընտրողներուն 5.73 առ հարիւրի քուէն:
«Գոհ չեմ արձանագրուած արդիւնքներէն, որովհետեւ անգամ մը եւս կամ այս անգամ պատճառաբար աւելի մեծ տոկոսով դրսեւորուեցաւ, որ դրամը կը յաղթէ քաղաքական ուժերուն: Ես անոր համար կը ցաւիմ եւ կը ցաւիմ մեր ժողովուրդին համար: Որովհետեւ այդ նոյն իշխանութիւնները, որոնք այս ժողովուրդի թշուառութեան պատճառն են, նոյն այդ ժողովուրդին թշուառութենէն օգտուեցան իրենց իշխանութիւնը երկարաձգելու համար», յայտարարեց ան:
Հրանդ Մարգարեան չանդրադարձաւ միւս ընտրախախտումներուն` նշելով, որ այդ հարցը Դաշնակցութիւնը կը քննարկէ տակաւին եւ շուտով յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բացառեց 44 տոկոսէն աւելի քուէ ստացած իշխող ուժին հետ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու կարելիութիւնը:
Ուշագրաւ է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները վերահսկելու նպատակով ստեղծուած միասնական կեդրոնի միւս անդամները` Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը տակաւին որեւէ յայտարարութիւն չկատարեցին:
Հայ ազգային քոնկրեսի բանբեր Արման Մուսինեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ ընտրութիւններու արդիւնքներու գնահատականի եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին քոնկրեսը այսօր պիտի խօսի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքին:
Բարգաւաճ Հայաստանը նաեւ չի շտապեր ընտրութիւններու արդիւնքներուն գնահատական տալ:
Միջազգային Դէտերուն
Գնահատականը
ԵԱՀԿ-ի, ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի դէտերը նախանցեալ օր հրապարակեցին հայաստանեան ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրենց միացեալ զեկուցումը:
Ըստ զեկուցումին, Հայաստանի մէջ 6 մայիս 2012-ին Ազգային ժողովի ընտրութիւնները յատկանշուեցան մրցակցային, աշխուժ եւ հիմնականին մէջ խաղաղ քարոզարշաւի դրսեւորումով: «Միեւնոյն ժամանակ, մրցակցային դաշտը, ընտրողներուն վրայ ճնշման դէպքերը եւ դիմումներու ու բողոքներու քննութեան հոլովոյթներուն մէջ թերութիւնները մտահոգութիւններու թոյլ կու տան: Ընտրութիւնները տեղի ունեցած են իրաւական բարեփոխուած դաշտին ներքեւ եւ մինչեւ քուէարկութեան օրը կազմակերպուած եղած են ընդհանուր առմամբ արհեստավարժ եւ թափանցիկ եղանակով: Քուէարկութիւնը հիմնականին մէջ տեղի ունեցած է հանգիստ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ, բայց աչքի զարկած է կազմակերպչական բնոյթի խնդիրներով եւ հոլովոյթին` հիմնականին մէջ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ անտեղի միջամտութիւններով», կ՛արձանագրէ զեկուցումը:
Զեկուցումը նաեւ կ՛արձանագրէ, որ հաւաքներու, խօսքի եւ տեղաշարժելու ազատութիւնները հիմնականին մէջ յարգուած են եւ թեկնածուները կարելիութիւն ունեցած են իրականացնելու ազատ քարոզչութիւն: Զեկուցումը աւելցուց, որ կուսակցութիւններու եւ հասարակութեան զգալի մասին ընդհանուր թերահաւատութիւնը ընտրական հոլովոյթներու ամբողջականութեան նկատմամբ մտահոգութեան լուրջ առիթ է:
Ինչ կը վերաբերի այլ մտահոգութիւններուն, ապա զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ընտրողներու ցուցակներու ճիշդ ըլլալը եւ ընտրակեղծիքներուն համար անոնց հաւանական չարաշահման կարելիութիւնը իբրեւ մտահոգութիւն դրուած է մեծ թիւով թեկնածուներու կողմէ` աւելցնելով ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ ընդհանուր թերահաւատութիւնը:
Զեկուցումին հեղինակները նշեցին, որ հակառակ ընտրողներու արձանագրման ուղղուած բարեփոխուած օրէնսդրութեան, ընտրողներու ցուցակներուն ճշդութեան վրայ բացասաբար ազդած է տարբեր հաստատութիւններու միջեւ տուեալներու փոխանակման ոչ բաւարար կարգաւորուածութիւնը:
Զեկուցումը արձանագրեց նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքի խախտումները:
Զեկուցումին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ընտրական օրէնսգիրքի քարոզչութեան առնչուող դրոյթները երբեմն խախտուած են, մեծաւ մասամբ տեղական իշխանութիւններու եւ որոշ կուսակցութիւններու կողմէ: «Ասիկա կը ներառէ դասերու ժամանակ քարոզչական նախաձեռնութիւններուն ուսուցիչներու ներգրաւուածութիւնը, քարոզարշաւի ընթացքին կուսակցութիւններու հետ կապ ունեցող կազմակերպութիւններու կողմէ մարդոց եւ համայնքներու նուէրներ տալը եւ քարոզչական նիւթեր փակցնելը դպրոցներու եւ համայնքային նշանակութիւն ունեցող շէնքերուն առջեւ: Դիտարկուած այդ դէպքերը նպաստած են ընտրութիւններու մասնակիցներուն համար անհաւասար մրցակցային դաշտի ձեւաւորման:

