Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսը. Այսօր Անիպալ – Շանվիլ Երկրորդ Մրցումը

Շանվիլ - Անիպալ Զահլէ մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսը: Անոնք աւարտականին կը ճակատին Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կիսաւարտականի մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութ, թէեւ մրցումին դաշտ ներկայացաւ, սակայն անիկա 7-րդ վայրկեանին քաշուեցաւ մրցումէն, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ անոր` 9-6 արդիւնքով: Բնականաբար, Ռիատի Պէյրութ 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Անիպալ Զահլէ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Շանվիլի վրայ, երբ անոր դաշտին վրայ 84-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Զահլէի մէջ:

Նշենք, որ կիսաւարտականի հինգերորդ եւ վերջին մրցումը Անիպալ Զահլէի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ տեղի չունեցաւ, որովհետեւ վերջինս դաշտ չներկայացաւ:

Share this Article
CATEGORIES