Հայաստանի Լաւագոյն Մարզիկը Պիտի Չմասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն Կը Յայտնէ Armsport.Am

2011-ին Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուած Ռոման Ամոյեան չյաջողեցաւ իր տոմսը ապահովել այս ամառ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն համար, կը յայտնէ armsport.am լրատուական կայքէջը:

55 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող յունահռոմէական ոճի ըմբիշը անյաջող ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած` Ողիմպիականի տոմս ապահովելու զտումի մրցումներուն:

Ամոյեան հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտական, ուր պարտուեցաւ իր Խըրխըզ մրցակիցէն` Արսէն Էրալիեւէն:

Սակայն 66 քկ դասակարգին մէջ Յովհաննէս Վարդերեսեան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ աւարտական հանգրուան: Ան թէեւ պարտուեցաւ Աթաքան Եիւքսելէն (Թուրքիա), սակայն յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը:

Ոչ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեցին նաեւ Նորիկ Խաչատրեան (60 քկ), Արթուր Շահինեան (84 քկ) եւ Ռուսլան Պասիեւ (120 քկ):

Այսպիսով, Հայաստան 7 մասնակից կ՛ունենայ Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի մրցաշարքին, որոնցմէ 4-ը` յունահռոմէական ոճին, իսկ 3-ը` ազատ ոճին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES