50 Տարի Առաջ ( 9 մայիս 1962 )
6 Մայիս 1916-ի Օրը
Ազգերու պատմութեան մէջ կան օրեր, որոնք զգայացունց եղելութիւններու թուական մը ըլլալով` դար մը կ՛արժեն, իսկ կան դարեր, որոնք տխուր ու աղէտաբեր դէպքերու իրերայաջորդ շղթայէ մը կազմուած ըլլալով` օր մը իսկ չեն արժեր:
6 մայիս 1916-ի օրը Լիբանանի քաղաքական կեանքին պանծալի մէկ թուականն է: Այդ օրը ազգային ազատագրական սրբազան պայքարի եւ դէպի անկախութիւն առաջնորդող արիւնալի ճամբուն վրայ ճնշեալին` ճնշողին վրայ տարած յաղթանակի նուիրական օրն է, վեհ սկզբունքի մը տիրապետութեան արեւածագն է եւ այդ սկզբունքին դրօշակիրը եղող նուիրեալներու փաղանգի մը յիշատակի փառատօնն է, որ բոլորովին կը տարբերի ուրիշ որեւէ յիշատակութեան արժանի պատմական օրերէ: Յօժար կամքով երակները բանալով հայրենիքի փրկութեան համար արիւն տալու օրն է:
Ահա այդ օրն է, որ Լիբանանին նուիրեց նահատակներու լուսապսակ մը, փառքի եւ յաղթանակի դափնին եւ դարաւոր մայրիներու յաւերժական դրօշակը:
Աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ազգին ազատագրութեան եւ հայրենիքի անկախութեան համար պայքարող ժողովուրդներու նահատակները մեծագոյն դերը կը կատարեն այդ վեհ նպատակին իրականացման ճամբուն վրայ իրենց թափած նուիրական մաքուր արեան գնով. անոնք են, որ կը ցոլացնեն ազատութեան գաղափարին երփներանգ ճաճանչները իրենց բոլոր պերճափայլ գոյներով եւ շառաչուն ապտակը եւ շշմեցուցիչ հարուածը կ՛իջեցնեն բռնակալութեան ներկայացուցիչներու գլխուն: Անոնք` ազգային նահատակները, գաղափարի յաղթանակին համար բռնակալութեան դէմ մղուող պայքարին յառաջապահ կամաւորներն են. բռնակալներու անբաղձալի լուծը թօթափելու եւ ստրկութեան պողպատեայ շղթաները փշրելու համար իմացեալ մահու գիտակցութեամբ հրապարակ նետուող ֆետայիներ են:
Ճիշդ է որ բռնակալը կրնայ լռեցնել բողոքողներուն ժխորը` ազատատենչ ժողովուրդներու ի պահանջ անկախութեան յարուցած աղմուկները արեան բաղնիքներով, խոնաւ ու մահասփիւռ նկուղներու սարսափով, կառափնատներու մղձաւանջով, եւ սակայն երբեք եւ երբեւիցէ պիտի չկրնայ խեղդել ազատութեան համար ոգորող ժողովուրդի մը զաւակներուն խղճին ձայնը եւ սրտին տրոփումը: Պիտի չկրնայ մարել հայրենիքին սիրոյն համար սրտերու մէջ կայծկլտացող սիրոյ հուրը:
Ահա հոս է բռնակալին տկար կողմը, տանջանքներն ու բռնի ուժի բոլոր դաժանութիւնները գաղափարի քուրային բոցերուն մէջ կը մոխրանան ու կը շոգիանան, եւ յաղթանակողը կ՛ըլլայ գաղափարապաշտը: Ուրեմն այս օրը Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ գաղափարի յաղթանակի օրն է:
Լիբանան իր պատմութեան արշալոյսէն` մեծն Ֆախրէտտինի եւ մեծն Պեշիրի օրերէն նախանձախնդիր եղած է իր ազատագրութեան, որուն համար երկու ականաւոր մեծերէն զատ, տուած է նաեւ անթիւ անհամար զոհեր, անչափելի նիւթական կորուստներ եւ յարատեւած իր սկսած պայքարին մէջ, առանց նկատի ունենալով նկուղներու սարսափները, կախաղաններու ուրուականը, իր տկարութիւնը եւ բռնակալին հզօրութիւնը:
Արդարեւ, 6 մայիս 1916-ի օրը սարսափազդու կախաղաններու շարք մը տնկուեցաւ Պուրճի հրապարակին վրայ եւ մարեցաւ արեւը կարգ մը հերոս նահատակներուն, եւ սակայն հոս է նաեւ, որ կատարուեցաւ հրաշքը` ծագելով ազատութեան լոյսը կախաղանի փայտերէն եւ հերոսներու հողաթումբէն, հայրենասիրութեան ու միասնականութեան ճաճանչներով ողողեց անհամերաշխներու եւ իրերատեացներու հոգիները եւ արծարծեց սիրոյ ու եղբայրակցութեան հուրը բոլոր լիբանանցիներու սրտերուն մէջ: Գոյացած միութիւնը զօրութիւն դառնալով` սուրբ նահատակներու իտէալները իրականացուց:
Մեծ եւ անգնահատելի չափով փրկարար եղաւ դերը մայիս վեցին զոհուած նահատակներուն. միացեալ եւ եղբայրացած Լիբանանը ծնունդ առաւ:
Հին հին դարերու խորերէն կու գայ լիբանանցիներու ազատագրական պայքարը. միշտ դէմ առ դէմ գտնուած են յափշտակիչի մը, բռնակալի մը հետ եւ կռուած են իրենց սահմանափակ ու նախնական միջոցներով, նուազ թուով եւ տուած են զոհեր ու նահատակներ, կռուած են` գօտեպնդուած գաղափարի ուժով եւ թափուելիք արեան նուիրականութեան ու արգասաբերութեան յոյսով, ընկրկիլ չեն գիտցած եւ չեն ընկճուած գերազանց ուժի մը առջեւ:
Միթէ առանց նախապատրաստութեա՞ն է հայրենակիցներու մէջ նշմարուող արդի միութեան, տնտեսական ու մշակութային նախանձելի յառաջդիմութեան թափը` ղեկավարուած լրջախոհ նախագահի մը կողմէ. բնականաբար ոչ. ազատութեան բագինին մէջ զոհուող նահատակներու ներշնչումովը կատարուեցաւ այս հրաշքը:
Ազգ մը, որ չի գիտեր նահատակներ տալ ու արիւն թափել, զոհեր մատուցել աստուածներուն, արժանի չէ ապրելու եւ յարատեւելու: Նահատակներու ոսկորներն են հայրենիքի շէնքին պատուանդանը, եւ անոնց արիւնն է այդ կառոյցին լաւագոյն շաղախը:
Յարգա՛նք նահատակներու խնկելի յիշատակին, որոնք անկախ հայրենիք մը եւ այդ հայրենիքի օդին մէջ հպարտօրէն ծածանող մայրիներու նուիրական դրօշը նուիրեցին իրենց ժողովուրդին:
ՏՈՔԹ. Գ. ԱՍԹԱՐՃԵԱՆ

