«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համատարած Գործազրկութիւն Եւ Ծայրայեղ Թշուառութիւն Հայկական Քէմփերուն Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանան եւ Սուրիա ապաստան գտած գաղթական հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կ՛ապրէր ծայրայեղ թշուառութեան մէջ: Ընտանիքներ չարաչար աշխատանքով եւ հազար ու մէկ տեսակ խնայողութեամբ հազիւ իրենց օրապահիկը կրնային ապահովել: Սակայն գործազրկութիւնը համատարած երեւոյթ էր եւ շատեր հանապազօրեայ հացէ իսկ զրկուած կը մնային: «Անօթութեան ճիչերը» խմբագրականով «Ազդակ» 20 յունուար 1933-ին կը գրէր.
«Անօթութեան արձագանգները սկսան աւելի ուժեղ հնչել Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական հիւղաւաններէն:
Ամէն օր կը հասնին քիչ մը աւելի տխուր եւ սրտաճմլիկ լուրեր բազմաթիւ ընտանիքներու կեանքէն, որոնք օրերով անօթի կը սպասեն, կորսնցուցած ըլլալով ամէն յոյս եւ վստահութիւն:
Հիւղաւաններու մէջ մենք կը ճանչնանք բազմաթիւ ընտանիքներ, պատուաւոր հայրեր, որոնք ամիսներէ ի վեր գործազրկութեան մատնուած, փռապանէն սկսեալ մինչեւ նպարավաճառը եւ կալուածատէրը մեծագումար պարտքեր ձգած, այսօր ոչ միայն պատառ մը հաց չեն գտներ իրենց անօթի եւ մերկ սրտահատորներուն տանելու համար, այլ այս ձմրան ցուրտին ու անձրեւին պարտապահանջներու սպառնալիքին ենթարկուած իրենց պատռտուն անկողնէն ու վերմակէն զրկուելու վտանգին տակ կը գտնուին: Այլեւս ոչ փռապանը կտոր մը հաց կու տայ անոնց եւ ոչ ալ նպարավաճառը կտոր մը պանիր: Մինչ անմեղ եւ անլեզու երախաները կիսաքանդ հիւղակի մէջ շարունակ «հա՜ց հա՜ց…» կ՛աղաղակեն եւ իրենց ծնողքի վերադարձին կը սպասեն:
Եւ այս ողբերգական յուսահատ դրութիւնը կը սաստկանայ օրէ օր եւ անօթութիւնը կը դառնայ համատարած մեր հիւղաւաններուն մէջ:
Մուսուլի նաւթամուղի շինութեան աշխատանքներուն մէջ հայերու հանդէպ ցոյց տրուած դժուարութիւններէն վերջ, ահա, «Սթանտարտ Օյլ» ընկերութեան Պէյրութի տնօրէնութեան որոշումով բազմաթիւ հայ աշխատաւորներ գործազրկուեցան: Մեր առած տեղեկութեանց համաձայն ցարդ 65 հայ աշխատաւորներ գործէ հանուած են: Կը պնդեն թէպէտ թէ այս կարգադրութիւնը լոկ հայ աշխատաւորներու համար չէ եւ արձակուողներուն մէջ կը գտնուին տեղացիներ ալ, սակայն մեր քննութիւնները ցոյց տուին որ համեմատութիւնը կը տարբերի հայ եւ ոչ-հայ աշխատաւորներու միջեւ, որոնք ընկերութեան կողմէ դուրս հանուած են:
Ինչպէս կը տեսնուի, եւ ճիշդ յար եւ նման Մուսուլի նաւթամուղը Թրիփոլիի կայանին մէջ սկիզբները պատահածին, հակահայ մատ մը կայ այս կարգադրութեան մէջ ալ, որ իբր թէ դիւանագիտութիւն կը բանեցնէ: Որքա՛ն շուտ մոռցուեցան հայ աշխատաւորներու մատուցուած անհամար եւ թանկագին ծառայութիւնները ընկերութեան, որոնք տարիներէ ի վեր այնքան հաւատարմութեամբ ծառայած են եւ արժանացած գնահատութեան:
Ինչ ալ ըլլան պատճառներն ու բացատրութիւնները «Սթանտարտ Օյլ» ընկերութեան այս ցաւալի կարգադրութեան, չենք կրնար արդարացնել այդ ոգին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ քարիւղի գիները կրկնապատկած են, շնորհիւ քարիւղի միւս ընկերութիւններու հետ իր ունեցած համաձայնութեան: Տնտեսական տագնապի այս զարհուրելի օրերուն, թիթեղ մը քարիւղի համար ժողովուրդը ճիշդ նախկինին կրկնապատիկը կը վճարէ, մինչ անդին Եգիպտոսի մէջ կը պահուի նախկին գինը:
Ամէն պարագայի տակ, այժմ մեր նպատակը քարիւղի ընկերութեանց շահագործումները երեւան հանել չէ. այդ առաւելապէս իշխանութեանց եւ քաղաքապետարաններու գործն է: Միայն թէ կ՛ուզէինք ցոյց տալ թէ` ժողովուրդին համար հետզհետէ ծանրացող տագնապէն ազդուած չէ ընկերութիւնը, հետեւաբար, մէկ անգամէն, բազմաթիւ պաշտօնեաներ գործէ հանելու կարգադրութիւնը արդար չէ:
Ինչպէս յայտնի է, շինութեանց գործերը ոչ միայն պակսած են, այլ վերջին մէկ երկու ամսուան մէջ գրեթէ բոլորովին դադրած: Ոչ ոք այս տագնապի օրերուն շէնք շինել տալու մասին կը մտածէ: Եթէ դեռ կը տեսնուին քանի մը շինութիւններ, անոնք առաջուընէ սկսուածներն են: Հանրային շինութեանց եւ քաղաքապետութեան ձեռնարկներն ալ դադրեցուած են, բազմաթիւ աշխատաւորներ անգործ ձգելով:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը այս դրութեան: Հարիւրին 95 տոկոսը հովանաւորեալ երկիրներ գտնուող հայութեան, աշխատաւորներ են, որոնք օրն ի բուն աշխատելով հազիւ իրենց օրապահիկը կրնան հայթայթել: Ոչ մէկը անոնցմէ կրցած է դրամ աւելցնել, խնայողութիւն ընել, օրավարձերու նուազութեան եւ կեանքի պայմաններուն սղութեան պատճառաւ: Եթէ շարունակուի այս վիճակը – դժբախտաբար երեւոյթները լաւատեսութեան չեն առաջնորդեր մեզ – ի՞նչ պիտի ընեն մեր տարաբաղդ հայրենակիցները, որոնք այժմէն «հա՜ց հա՜ց» կ՛աղաղակեն:
Վերջին արշաւները դէպի Առաջնորդարան, ցոյց կու տան թէ` ի՞նչ աստիճանի հասած է թշուառութիւնը: Մեր հայրենակիցները գիտնալով հանդերձ որ Առաջնորդարանն ալ իրենց պէս աղքատ է եւ զուրկ ամենաաննշան նպաստ մը տալու հնարաւորութենէն, իբրեւ վերջին յոյս հոն կ՛ապաւինին, ազգային իշխանութեան կը դիմեն եւ գործ կ՛ուզեն:
Ամենահիմնական եւ արմատական դարմանը այս վիճակին ներգաղթն է: Մեր հայրենիքը աշխատող բազուկներու պէտք ունի` մշակելու համար մայր երկիրը, որ ընդարձակ տարածութիւններ ունի անբերրի եւ անմշակ: Աւա՜ղ սակայն, կաշկանդուած է աշխատաւոր ժողովուրդը: Մէկ կողմէ երկիր մուտքի արգելքները, միւս կողմէ ալ փոխադրութեան դժուարութիւնները կը կապեն հայ աշխատաւորներու ոտքերը: Բարեգործականը, դժբաղդաբար, ցարդ, չի կրցաւ մէկ անգամէն եւ միանուագ գումար մը յատկացնել, հոգալու համար գոնէ 10 հազարի փոխադրութիւնը:
Ի՞նչ կը մտածէ արդեօք Բարեգործականը Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան ենթարկուած ներկայ ցաւագին դրութեան մասին:
Եւ ի՞նչ կը մտածեն մեր զոյգ կաթողիկոսները. արդեօք ընելիք բան մը չունի՞ն…»:
Քանի մը օր ետք, 25 յունուար 1933-ի թիւով եւ «Պայքար գործազրկութեան դէմ» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Գործազրկութեան ողբերգական հետեւանքները օրէ օր կը բազմանան եւ կը սպառնան մեր աշխատաւոր ժողովուրդի գոյութեան:
Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ մանաւանդ անտանելի չափերու հասած է թշուառութիւնը: Այս երկու քաղաքներու մէջ տեղաւորուած հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը գործաւորներէ բաղկացած ըլլալով, հարիւրաւորներ ամիսներէ ի վեր հացակարօտ վիճակ մը ունին:
Սրտակեղեք դրուագներ կը պատմեն Հալէպէն եկողները հոն տիրող թշուառութեան մասին: Բազմաթիւ ընտանիքներ շաբաթներէ ի վեր խոտերով կը սնանին: Ուրիշներ պատռտուն հագուստներով կիսամերկ օրն ի բուն փողոցները կը դեգերին գործ մը գտնելու յոյսով եւ տուն կը վերադառնան ձեռնունայն:
Տարբեր չէ պատկերը նաեւ հոս Պէյրութի հիւղաւաններուն մէջ: Քանի մը օր առաջ խմբագրութեանս ներկայացող ընտանիքի հայր մը այսպէս կը ներկայացնէր իր վիճակը.
«Ամիսներէ ի վեր գործազուրկ եմ. ամէն առաւօտ քաղաք կ՛իջնեմ, մինչեւ իրիկուն կը թափառիմ, գործ կը փնտռեմ, նոյնիսկ կը յօժարիմ օրական 10 դահեկանով աշխատելու, սակայն գործ չեմ գտներ: Տղաքներս տունը անօթի են եւ ճամբաս կը սպասեն եւ հազիւ հասած կը սկսին ճչալ. «Հայրիկ, հա՜ց, հա՜ց»: Չեմ ուզեր տուն երթալ, մինչեւ ուշ գիշեր փողոցները կը մնամ, սրտահատորներուս աղաղակները չլսելու համար, սակայն անօգո՜ւտ, անոնք չեն քնանար եւ ճամբաս կը սպասեն: Ինչ որ ունէինք տան մէջ ծախեցինք, պառկելիք անկողին անգամ չմնաց: Յօժար եմ առտուընէ մինչեւ իրիկուն օխա մը հացի համար աշխատիլ, միայն թէ անօթի չմեռնին զաւակներս»:
Ուրիշ մը աւելի յուզուած եւ աչքերը լի արցունքներով կը պատմէր.
«Հայ ըլլալս առարկելով աշխատած տեղէս հանեցին զիս եւ երկու շաբաթական առնելիքս ալ չտուին. ահա 20 օրէ ի վեր անգործ եմ, օրական 50 ս. դահեկանի կ՛աշխատէի եւ անով հազիւ ընտանիքիս հացը կ՛ապահովէի: Երկու զաւակներս հիւանդ են օրերէ ի վեր, իսկ կինս տարիէ մը ի վեր անդամալոյծ: Ոչ դեղ, ոչ բժիշկ կրնամ բերել: Բոլոր դիմումներս ապարդիւն մնացին եւ ոչ ոք օգնեց ինձ: Հիմա շուարած մնացած եմ եւ այսպէս եթէ շարունակուի ստիպուած անձնասպան պիտի ըլլամ»:
Եւ այս վիճակի ու դրութեան մէջ բազմութիւններ կան մեր հիւղաւաններուն մէջ: Մանաւանդ վերջերս սկսող հակահայ տրամադրութիւնները գործատէրերուն մօտ, որոնք ամէն գնով կը խուսափին հայ աշխատաւորներու գործ յանձնելէ, սկսած պետական հաստատութիւններէն մինչեւ օտար ընկերութիւններն ու գործատէրերը, չափազանց անտանելի դարձուցած են կեանքը: Հայ ես եւ գործ պիտի չունենաս, կը պատասխանեն բոլորը իրենց ներկայացող հայ աշխատաւորներուն: Մասնաւոր շեշտուած նպատակ մը ունին բոլորն ալ: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կը սկսի այդ տրամադրութիւնը, այդ մարդ չգիտեր, միայն թէ դառն իրականութիւնը այն է, որ լիբանանցի հայերը տեղացի չեն նկատուիր, իր քաղաքացիական բոլոր պարտականութիւնները կատարող եւ իր տուրքերը կանոնաւորապէս վճարող լիբանանցի հայը եւ լիբանանցի արաբը կը զանազանուին իրարմէ: Իսկ Սուրիոյ մէջ բոլորովին անբաղձալի տարր մը կը նկատուի հայը մոլեռանդներու աչքին, որոնց թիւը քիչ չէ ամէնուրեք:
Ստեղծուած այս դժբախտ վիճակին եւ մեր հայրենակիցներու ենթարկուած անօթութեան վտանգին դէմ պայքարելու համար առաջին շարժումը սկսան Պէյրութէն: Կազմուեցաւ Խնամատարական Մարմին մը, բաղկացած լաւագոյն եւ վստահութիւն ներշնչող ուժերէ, որոնք կը հովանաւորուին երեք յարանուանութեանց պետերէն:
Ինչպէս շեշտեցինք մեր նախորդ թիւով, առաւելապէս ապաւինած ենք մեր ուժերուն վրայ: Թէպէտ ցաւը շատ մեծ եւ համատարած է եւ վեր մեր ուժերէն, այսուամենայնիւ թոյլ պիտի չտանք որ ոեւէ հայրենակից անօթութենէ մեռնի: Մինչեւ վերջին պատառը պիտի բաժնենք իրարու հետ եւ բոլորս մէկ հրաժեշտ պիտի տանք այս կեանքին: Այս ոգիով եւ գիտակցութեամբ պիտի գործենք եւ մեր աշխատանքները պիտի տանինք:
Ի հարկէ չենք ըսեր, որ Խնամատարական Մարմինը պիտի մերժէ արտաքին նպաստները եւ դիմումներ պիտի չընէ հայ եւ օտար արտասահմանեան հաստատութիւններուն: Այդ բոլորը պիտի ըլլան, սակայն անմիջական եւ ամենավճռական ձեռնարկը պիտի սկսի հոս եւ հայկական շրջանակներէն: Տէր Մելքոնեան Եղբայրներ խիստ գովելի օրինակ մը եղան. պէտք է մասնակցին սկսած պայքարին: Խնամատարական Մարմինը ուրեմն, առաջին հերթին, պէտք է ուժ տայ տեղական հանգանակութեան գործին, օր առաջ վերջ տալու համար թշուառութեանց:
Հաղորդած էինք արդէն թէ Խնամատարական Մարմինը իր առաջին ժողովին մէջ իսկ սկզբունքով հակառակած է ուղղակի նպաստ տալու ձեւին, եւ որոշած է գործ հայթայթել: Հանգանակուած գումարները աշխատանքի մը փոխան տրամադրել անգործ աշխատաւորներու:
Շատ գեղեցիկ է եւ բարոյական տեսակէտով նշանակութիւնը շատ մեծ այս որոշման: Սակայն քիչ մը անգործնական կը թուի մեզ: Ընդունելով հանդերձ որ ամենամեծ նպաստը գործազուրկին գործ հայթայթելն է, սակայն նման հոգ մը ստանձնելն ալ մեր կարողութեան սահմաններէն վեր է: Անօթիի մը եթէ օրական օխա մը հաց տաս, կրնաս գոհացնել, իսկ եթէ գործ տաս, պէտք է 10 օխայի արժէքը վճարես: Մէկ խօսքով, Խնամատարական Մարմնի աշխատանքները պէտք է երկուքի բաժնուին, առաջինը գործազուրկներուն գործ հայթայթել, իսկ երկրորդը անմիջական կարօտեալներուն հաց տրամադրել: Իսկ այս երկու աշխատանքներէ դուրս պէտք է կազմուի առողջապահական յանձնախումբ մը եւ անոնց տրամադրութեան տակ դրուի հարկ եղած դեղօրայքն ու բժշկական դարմանման պիտոյքները: Համոզուած ենք որ բոլոր հայ բժիշկներն ալ առանց ակնկալութեան պիտի տրամադրուին սոյն յանձնախումբին:
Այս բոլորը անշուշտ չեն կրնար տեւական հանգամանք մը ստանալ եւ դարման ըլլալ բացուող վէրքերուն, որոնք, ներկայ պայմաններու տակ, հետզհետէ աւելի պիտի խորանան եւ պիտի զգետնեն բոլորն ալ: Պէտք է դիմումներ կատարել ֆրանսական մեծ եւ մարդասէր տէրութեան, իր ներկայացուցիչին միջոցաւ եւ պարզել կացութիւնը, խնդրելով որ փութացուին գործադրութիւնները այն տնտեսական ծրագիրներուն, որոնք տարիներ առաջ մշակուեցան Բ. Գոմիսէր Ն. Վ. Պ. Բոնսոյի կողմէ: Այդ ծրագիրներուն գործադրութեամբ, գոնէ քանի մը տարուան համար կը վերացուի գործազրկութեան վտանգը»:





