Շուշիի Մէջ Հարսանիք Է …
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Տակաւին երկու շաբաթ առաջ տեղացի բարեկամներու կը բացատրէի մեզի համար Հայաստանի ունեցած նշանակութեան մասին: Այո՛, տարբեր էին շեշտս եւ ձայնիս ելեւէջները, երբ կը խօսէի հայրենիքիս մասին: Կը զգայի, թէ անոնք ուշադիր կը լսէին զիս` իմանալու համար Հայաստանի ու անոր պատմութեան, պետական կրօնին ու քաղաքացիին, Երեւանի կառուցուածքին ու անոր ծաղկումին մասին, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի որոշ տարբերութիւններուն մասին:
Զրոյցը հանգիստ էր եւ խաղաղ ապրումներով լեցուն, մինչեւ որ զրուցակիցներէն մէկը հարց տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին:
Երբ Ղարաբաղի անունը լսես, անզգալաբար աչքերդ իրենց բնական չափէն քիչ մը աւելի կը մեծնան, իսկ անոնց փայլքը համեմատաբար աւելի կը շեշտուի:
Անկախ ֆիզիքական դրսեւորումէն, անոնց հարցումին պատասխանելու համար օգտագործած առաջին խօսքս եղաւ. «Արցախը տարբեր է»: Խորասուզուելով մտքերուս մէջ` սկսայ պատմել Լեռնային Ղարաբաղի մասին, կարծես բարձրաձայն կը մտածէի, առանց պահելու նաեւ Արցախի հանդէպ սիրոյ եւ հիացմունքի զգացումներս:
Յանկարծ նշմարեցի, որ զրուցակիցներս քար լռութեամբ ու յափշտակուած զիս կը լսեն եւ անհամբեր են այցելելու այն հողերը, որոնք սուրբ են մեզի համար:
Աբովեանի, Սայեաթ Նովայի ու Մաշտոցի փողոցներուն մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ու Յաղթանակի այգիին մէջ անդադար կրկնուող ու շարունակուող այս զրոյցը դարձաւ Ղարաբաղ այցելութեան նախաբանը:
Եւ ահա, Արարատեան դաշտով, Խոր Վիրապի օրհնութեամբ եւ Արարատի հսկողութեամբ հասանք Սիւնիք, անցանք Գորիսէն ու մօտեցանք Տեղ գիւղին, ուր մեր դիմաց պարզուեցան կանաչ լեռներ` ծածկուած խիտ անտառներու ձեւաւորումը կրող գորգերով:
Բոլորս հմայուած կը դիտէինք Արցախ աշխարհի բնութիւնը` յատուկ իր զգլխիչ գեղեցկութեամբ: Ոչ ոք կը խօսէր, իւրաքանչիւրս լուռ ու խոր կը շնչէինք…
Հասանք Ստեփանակերտ, ուր աննախընթաց շարժում մը զգացինք, բնակիչներու խուճապ մը, շինարարութիւններու հեւք մը, կարծես մայրաքաղաքը նախապատրաստական ընդհանուր մթնոլորտի մէջ էր:
Ընկերակիցներս չէին հասկնար, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ. հետեւաբար, ժամանակն էր անոնց բացատրելու 9 մայիս 1992-ի պատգամին, այդ թուականին խորհրդանիշին ու համայն հայութեան համար անոր ունեցած կարեւորութեան մասին:
1992 պանծալի թուականին չհասած պէտք էր անդրադառնալ նաեւ 1988-1989-էն ի վեր Ղարաբաղի մէջ բռնկած հայ ազատագրական պայքարին, որ խլեց կեանքը հազարաւոր հայ քաջերու, որոնց նահատակութեամբ միայն կարելի եղաւ հայուն վերադարձնել իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Բռնագրաւուած հայկական հողերը թշնամի ազերիներէն ազատագրելու առաքելութեան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Շուշին` Ղարաբաղի նախկին մայրաքաղաքը:
Ծովու մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս բերդաքաղաքը ունի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն, եւ այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր հայու համար յստակ է, որ Շուշիին տիրողը Արցախին կը տիրէ:
Բարձրացանք Շուշի, ուր մեզ դիմաւորեց Ղազանչեցոցը` իր խորհրդաւոր կեցուածքով, հսկայ սիւներով եւ սպիտակ գմբէթով: Կարծէք ցաւեր ու քանդում տեսած այս եկեղեցին, որ Արցախեան ազատամարտի ընթացքին դարձած է նաեւ ազերիական բանակի զէնքի պահեստանոց, հոն կանգնած է օրհնելու իւրաքանչիւր այցելու:
Շարունակեցինք մեր ճամբան` անցնելով քարուքանդ, կիսաքանդ, նորոգուած ու ամբողջութեամբ նորաշէն շէնքերու մօտէն եւ հասանք Ջդրդուզ: Բառը զարմացուց նաեւ զիս, բայց եւ այնպէս երբ քալելով շարունակեցինք մեր ճամբան եւ հասանք ձորին եզրին, ամէն ինչ արդէն յստակ դարձաւ:
Վերյիշելով Շուշիի ազատագրման մանրամասնութիւնները` լուսաբանեցի ընկերներս, անոնց բացատրելով ու ցոյց տալով, որ հայ ազատամարտիկները ինչպէ՛ս անակնկալի բերած էին թշնամին եւ ձորին մէջէն բարձրացած վեր ու հատու հարուածով մը թշնամին վտարած Շուշիէն:
Առաքելութիւնը աւարտած էր, վերադարձը տխուր:
Բայց Արցախէն բաժնուելու ընթացքին կար այն համոզումը, որ նահատակներու արեամբ շաղախուած այդ հողը, որ ազատագրուած էր «Հարսանիք լեռներում» ռազմական գործողութեամբ, արժանի է վայելելու իր ազատութիւնը եւ ժողովրդային տօնախմբութեամբ նշելու իր ուրախութիւնը:
Այսօր Շուշիի մէջ հարսանիք է կրկին, հարսանիք` նշելու Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի բանակի ծնունդին 20-ամեակը, ինչպէս նաեւ հարսանիք` վերանորոգելու հայ ժողովուրդին միակամութեամբ ազատագրուած Արցախը պաշտպանելու, Քաշաթաղը շէնցնելու, Շուշին բարգաւաճեցնելու եւ Արցախի մշակութային կեդրոնը դարձնելու, եւ որեւէ խենթ պահու Ազրպէյճանին դէմ դարձեալ պայքարելու ու անոր յաղթելու ուխտը:


