Մտորումներ` Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Առիթով Հայոց Մարտունակ Ոգիի Բարձունքը (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«… Ո՛չ Շուշիի ազատագրութեան մասին գրուած է, ո՛չ ալ Խոջալուի դէպքերուն մասին: Այսօր մենք կը խօսինք ղարաբաղեան պատերազմին մասին, կը խօսինք Շուշիի ազատագրութեան մասին, բայց ո՞վ գիտէ, թէ ատիկա ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է: Ես հրամանատար եղած եմ, գիտեմ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, բայց ո՞վ եկած է ինծի հետ այդ մասին խօսելու»:

ԱՐԿԱԴԻ ՏԷՐ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ
(Արցախի զինեալ ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար)
«ԱԶԴԱԿ», 2010

Լուսանկարը՝ Կատար Թասլաքեանի

Ատենին, երբ Միացեալ Նահանգներու պարտուած,  կոտորուած  եւ բարոյալքուած  բանակը հայրենիք կը վերադառնար վիեթնամեան ճահճահուտէն, զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը անմիջապէս  կը լծուէր հիմնական աշխատանքի մը` արխիւագրել ամէն ինչ որ կ՛առնչուէր այդ պատերազմին, գէթ «ձախողութենէ դաս առնելու եւ հետագայ սերունդներուն փոխանցելու» համար պատուհասուած բանակի մը ամբողջ պատմութիւնը:

Օրին, այդ պատերազմին մասնակից սպաներէն մին հեգնախառն ոճով մը վերեւ յիշուած աշխատանքին կ՛ակնարկէր` ըսելով` գոնէ այս իմաստով  յաղթանակ մը ապահովեցինք:

Անցնինք:

Արցախեան ազատագրական պայքարը իր լրումին կը հասնէր Շուշիի բարձունքներուն հայոց եռագոյն դրօշի ծածանումով:

Փաստօրէն, բարբարոս ու վախկոտ ազերին տարիներ շարունակ  օգտագործելէ ետք  Շուշիի ռազմավարական դիրքերը, ահ ու սարսափի էր մատնած մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու ամբողջ արցախահայութիւնը:

Սակայն, 9 մայիս 1992-ին, հայոց ազատամարտիկներու քաջարի փաղանգները` շնորհիւ իրենց անյողդողդ կամքին ու հատու հարուածին, վճռակամութեան եւ բացառիկ ռազմավարի կարողութիւններուն, կրցան ծունկի բերել վայրագ թշնամի զինեալներ եւ զանոնք դուրս շպրտել հայոց երբեմնի մտքի, արուեստի, մշակոյթի եւ մարտունակութեան փարոս Շուշիի բարձունքներէն:

Եւ այդ օր, Շուշուայ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագը` հայ ազատասէր, հերոսածին տղոց ներկայութեան եւ երկիւղած նայուածքներուն ներքեւ,  կը դառնար հայոց ժամանակակից կեանքի վերածնունդի ամէնէն վեհափառ իրադարձութիւնը:

Յայտնապէս, քսան տարիներու ընթացքին Շուշին ու ամբողջ Արցախը տակաւ կը վերագտնէր ինքզինք` ամբողջ հայութեան գուրգուրանքին եւ աջակցութեան արժանանալով:

Այսօր, Արցախը կը շարունակէ ապրիլ եւ ստեղծագործել իր  պետականութեամբ, կառավարչական կառոյցներով, բանակով եւ հասարակական կեանքի մէն մի բնագաւառով:

Իրօք, բազմահազար նահատակներու եւ վիրաւորներու արեամբ նուիրագործուած հերոսական Արցախի մերօրեայ յաղթանակները թէեւ արձանագրուեցան պատմութեան էջերուն, այդուամենայնիւ անոնք   ինքնավստահութեամբ վարակեցին հայութիւնը, ցոյց տուին հայ մարտունակ ոգիի սլացքն ու տոկունութիւնը, ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը եւ հպարտօրէն ապրելու լուսաշող ճանապարհը:

Ճիշդ է, որ պատուաբեր յաջողութիւններուն առընթեր արձանագրուեցան նաեւ բացթողումներ, անհարկի եւ ոչ ազգավայել վերաբերումներ, շատ անգամ ենթակայական ու շահակցական «մենամարտ»-եր, նոյնինքն պատերազմի ժամանակ, այդուհանդերձ, արցախահայութիւնը` շնորհիւ իր բանիմաց, ողջմիտ, համբերող, հայրենասէր, ազնուահոգի եւ պայծառ բարեմասնութիւններուն, կրցաւ շրջանցել ազգադաւ ամէն նկրտում եւ սադայէլական կործանարար միտումներ:

Եւ, ահա, վերականգնող Արցախի քսան տարիներու տարեգրութեան մէջ, քաղաքական-դիւանագիտական, ընկերային-տնտեսական եւ ընդհանրապէս ժողովրդական կեանքի յաջողութիւնները, եթէ մէկ կողմէ ներշնչող են իրենց էութեամբ, դաստիարակիչ եւ խթանող, ապա, միւս կողմէ` արցախեան գոյամարտը իր արժէքային համակարգով բացառիկ նշանակութիւն պէտք է ունենայ հայոց ազգի մէկութեան գաղափարի կենսունակութեան պահպանման եւ հայրենանուէր աշխատանքներու յաւելեալ ժողովրդականացման:

Այլ խօսքով, վերանկախացած հայրենիքի եւ ազատագրուած Արցախի նուաճումները պէտք է կլանեն ամբողջ հայութեան սրտերն ու հոգիները, դառնան բոլորին մտածումներուն առանցքն ու անմնացորդ աջակցութեան պատուանդանը:

Յիրաւի, հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ նման ազգավայել առաջադրանքներու նուիրագործումը կարելի է ապահովել միայն փոխադարձ ըմբռնումներու եւ հասկացողութիւններու առաւել պայծառացումով, իրերօգնութեան ճշմարիտ ըմբռնումով, թափանցիկ եւ արժանահաւատ գործընթացներու որդեգրումով, բայց անպայմա՛ն հայաբորբ զգացումներու տիրութեամբ եւ հաւաստիացած մօտեցումներու ընդգրկումով:

Այո՛, արցախեան ազատագրական պայքարի ժողովրդականացումով, ամբողջ հայութեան կապուածութիւնը ապահովելու խոր գիտակցութեամբ:

Իսկ թէ ինչո՛ւ այս թէ գալիք հանգրուաններուն, նման աշխատանքային դրոյթներու հրամայականին պահանջը այլապէս զգալի կը դառնան, որովհետեւ բարացուցական են առաջին հերթին ներհայկական  ապաշնորհ վարքագծերու յամեցումը, ապա` աշխարհաքաղաքական նորովի իրադարձութիւններու եւ գործուած աւերներու տարողութիւնը:

Եթէ ազգովին պատրաստ ենք պահելու եւ պաշտպանելու արցախեան յաղթանակին պարգեւած հրճուանքն ու կայտառ իմաստը,  դիմագրաւելու ապագայ բոլոր մարտահրաւէրներն ու պարտադրուած կացութիւնները, ուրեմն ազգովին հրաւիրուած ենք մտիկ ընելու, լսելու Արկադի Տէր Թադեւոսեաններու նման անձնազոհ հրամանատարներու պատգամն ու թելադրութիւնները եւ  լուռ ու յամառօրէն աշխատելու գալիք սերունդներուն համար:

Պիտի կրկնենք եւ բազմիցս յիշեցնենք, թէ հայութիւնը յաղթեց թուրք-ազերի հորդաններուն եւ ազատագրեց իր դարաւոր հայրենիքը:

Հաստատ է, որ հայրենիքներ կը գոյատեւեն այնքան ատեն որ անոր հողին վրայ կ՛ապրին հայրենասէր եւ ազգանուէր սերունդներ, որոնց առկայութեան ապացոյցը տուաւ արցախահայութիւնը` անասելի տառապանքներու գնով եւ սուրբ նահատակներու արեամբ:

Իր կարգին, սփիւռքահայութիւնը անմասն չմնաց նուիրաբերումի այդ սխրանքէն եւ իր սրբազան տղաները զոհեց յաղթանակի բագինին:

Ընդունինք, թէ մերթ ընդ մերթ ականատես կ՛ըլլանք շնորհակալ աշխատանքներու, որոնք կը տարուին ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհի, այդուհանդերձ, անոնց անբաւարարութիւնը մեզ` հաւաքաբար կը պարտաւորեցնէ անյապաղ լծուելու ներքին թէ արտաքին քարոզարշաւներու որդեգրումին, հեղեղելու համար իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի դարաններն ու միջազգային տարբեր ոլորտներու բեմահարթակները:

Այս առումով, հայութիւնը իր տասը միլիոն թուահամարով իրազեկ պէտք է դառնայ հերոսական կռիւներու մանրամասնութիւններէն, հրատարակուած գիրքերէն, խտասալիկներու պատրաստութենէն, ֆիլմերու տարածումէն, քարոզարշաւներէն,  առաջադրանքներէն եւ նորաստեղծ մտածումներէն, որոնք պիտի օղակաւորեն ամբողջ հայութեան տեսադաշտը, հրապուրեն բարեկամն ու օտարականը եւ թումբ կանգնին թշնամի հրոսակային յարձակումներու դէմ, որպէսզի այս անգամ եւս պարտութեան մատնուին թշնամի քաղաքական, դիւանագիտական եւ մարտավարական քարոզարշաւները:

Յիշեցնենք, որ Քարինտակի բուռ մը հերոսներու կատարած ասպետական սխրանքները` մագլցելով Շուշուայ ապառաժ ու ցից ժայռերը, բաւարար են ընդգծելու արցախահայութեան մարտունակ ոգիի մեծութիւնն ու թշնամիին յաղթելու վճռակամութիւնը:

Անոնք իրենց վրէժխնդիր մագիլներով բարձրացան դէպի Շուշի եւ թշնամիին ցոյց տուին իրենց անպարտելի հոգիին խիզախութիւնը:

Ուրեմն, հերոսագրենք արցախեան յաղթանակներու մէն մի դրուագ, նահատակի անուն, զոհաբեր ծնողքի յիշատակ, վսեմ արարքի  գեղեցկութիւն, վեհափառ քաջութիւն  եւ հայրենասէրի զգացողութիւն, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու ժառանգենք կուտակուած փորձառութիւնն ու թուրքին յաղթելու հրապոյրը` հայոց ժամանակակից պատմութեան պանծալի էջերու ընդմէջէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES