Անդրադարձ. Հողահաւաքի Եւ Ազգահաւաքի Ամբողջացման Գրաւականը (Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Առիթով

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կրկին մայիս է` հայ ժողովուրդի յաղթանակներու ամիսը: Յաղթանակներու ամիս, որուն ընթացքին ընկրկումներու երկար շղթայէ մը ետք հայ բազուկի ուժը փաստեց ինքզինք, հայը թօթափեց իր վրայէն ստրկութեան հոգեվիճակը եւ իր զէնքով հրաշքներ գործեց` ժամանակակից հայոց պատմութեան մատեանին մէջ արձանագրելով քաջութեան եւ արիութեան ոսկեայ էջեր:

Եւ այս ամսուան ընթացքին առանձնայատուկ կարեւորութեամբ կը ներկայանայ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը: Ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ 20 տարի առաջ առաջին անգամ ըլլալով հայութիւնը օտար ու բռնագրաւիչ զօրքէ մը կ՛ազատագրէր հինաւուրց հայկական քաղաք, մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն Շուշին` անկէ ետք ընդմիշտ անոր վերադարձնելու համար անոր հայկական դիմագիծը: Հայկական Շուշիի ազատագրումը լայն կարելիութիւն ստեղծեց, որ հայ բազուկի ուժը շարունակէ իր յառաջխաղացքը, բացուի Լաչինի կենսական միջանցքը եւ ազրպէյճանցի թշնամիէն ձեռք բերուին հայկական Արցախի պատմական այն շրջանները, որոնք ներկայիս «ազատագրուած տարածքներ» անունը կը կրեն:

8-9 մայիս 1992-ին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ հայ ազատամարտիկներուն կատարած իրագործումը բազմաթիւ դասեր ունի ուսուցանելիք հայութեան իրերայաջորդ սերունդներուն: Անոնք միշտ պէտք է մայիսեան յաղթանակներու Շուշիի հանգրուանին մօտենան յատուկ ակնածանքով, որովհետեւ երբեք դիւրին չէր տարուած յաղթանակը եւ վստահաբար ալ այդ իրագործումը պահպանելն ու ամրապնդելը դիւրին պիտի չըլլայ:

Վերոյիշեալ դասերուն առաջինը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ պատմականօրէն պարտադրուած կատարուած իրողութիւն մը զօրաւոր կամքի կը կարօտի փոփոխութեան ենթարկուելու համար: Շուշին այն յենակէտն էր, ուրկէ ազրպէյճանցիները կը սպառնային ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղը արժանացնել Նախիջեւանի ճակատագիրին` ամբողջութեամբ հայաթափելով զայն: Այդպէս չեղաւ սակայն, արցախահայութիւնը` հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան գործուն օժանդակութեամբ, կրցաւ անհրաժեշտ կամքը դրսեւորել` փոփոխութեան ենթարկելու համար նշեալ կատարուած իրողութիւնը: Այսօր ալ հայութեան պարտադրուած բազմաթիւ կատարուած իրողութիւններ կան: Անոնք պարտադրուած են հայութեան պատմական, դարաւոր թշնամիներուն կողմէ: Կրնա՞նք դրսեւորել անհրաժեշտ կամքը կացութիւնները փոխելու համար: Շուշիի ազատագրումը վկայ` կրնա՛նք:

Երկրորդ կարեւոր դասը այն է, որ, այո՛, զինուորական յաղթանակը կենսական է ժողովուրդներու կեանքին մէջ, բայց այդ ձեռքբերումը պէտք է ամէն գնով ամրապնդուի: Շուշիի պարագային յաղթանակի ամրապնդումը կատարուեցաւ աստիճանաբար Արցախի երկրորդ քաղաքին վերադարձնելով իր հայկական դիմագիծը եւ վերաբնակեցնելով զայն: Բնականաբար, Շուշիի վերաբնակեցման աշխատանքը տակաւին ամբողջացած ըլլալէ շատ հեռու է եւ կը կարօտի հսկայական ճիգերու: Այդ ճիգերը պէտք է շարունակել աւելի աշխուժ թափով, որպէսզի ընթացքը անդարձ մնայ: Բոլորը կոչուած են զինուորական յաղթանակը գետնի վրայ ամրապնդելու աշխատանքին մաս կազմելու` ըլլան անոնք Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ: Պայքարը, որ պիտի մղուի զինուորական յաղթանակը անդարձ պահելու համար, նուազ արժէք չունի քան զինուորական պատերազմը:

Երրորդ կարեւորագոյն դասը այն է, որ մենք Շուշիի յաղթանակին չնայինք իբրեւ պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը` 20 տարի առաջ եւ աշխարհագրական որոշ տարածքի մը մէջ տեղի ունեցած ու հոն` այդ կէտին վրայ կեցած իրադարձութիւն: Ըսինք արդէն, որ Շուշիի ազատագրումը իրողապէս դուռը բացաւ արցախեան հայկական այլ տարածքներու ազատագրման: Այս ծիրին մէջ ալ, Շուշիի ազատագրման իրադարձութեան պարտինք մօտենալ իբրեւ հիմնական գրաւական` ապագային հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի առաքելութեան շարունակութեան:

Հողահաւաքը եւ հայահաւաքը կը մնան հայութեան բոլոր խաւերուն իղձերը: Աշխարհի տարածքին ոեւէ իրաւ հայ մարդ չի կրնար պահ մը իսկ երկմտանք ունենալ հայութեան մեծ երազին եւ ամբողջական Հայաստանի կերտման իր իղձերուն նկատմամբ: Մեծապետական ու ծաւալապաշտական համաձայնագիրներու բերմամբ կատարուած իրողութիւններ կա՞ն հայութեան վրայ պարտադրուած, այո՛ կան: Բայց նաեւ կայ մայիսեան յաղթանակի կամքը, որ կատարուած իրողութիւնները շրջանցելու հիմնական գրաւականն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES