«Սուրիական Տագնապի Լուծման Ծրագիրը Աստիճանաբար Կ՛Իրականանայ» Կ՛Ըսէ Ահմետ Ֆաուզի
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին լուծումը աստիճանաբար կ՛իրականանայ, թէեւ հոլովոյթը շատ դանդաղ եւ հանգրուանային յաջողութեամբ կը շարժի»:
Ան նշեց, որ Անանի ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ սուրիական տագնապին նկատմամբ տեսակէտներու միացումն է:
Անան իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ծանր զէնքերու օգտագործումը թեթեւցուցած է, սակայն ձերբակալութեանց արշաւը աշխուժացուցած է` նշելով, որ ծանր զէնքերը տակաւին սուրիական քաղաքներուն մէջ կը գտնուին, սակայն քիչ թիւով:
Անան ընդգծեց, որ իր ծրագիրը Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէ խուսափելու վերջին առիթն է: Ան Սուրիոյ մէջ ձերբակալութեանց, չարչարանքի պարագաներու եւ մարդկային իրաւանց բռնաբարման պարագաներու աճին նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ իր երկիրը յանձնառու է յաջողցնելու Անանի ծրագիրը, ներառեալ` անոր մարդասիրական բաժինը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յոյս յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան ծաւալման համար Սուրիոյ մէջ սպանութիւններն ու բռնարարքները դադրին:
Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումը ազգային երկխօսութեան սկսման նախապայմանն է: Կարելի չէ քաղաքական երկխօսութեան մասին խօսիլ, երբ սուրիական հողերուն վրայ բռնարարքներ եւ սպանութիւններ կան»:
Մինչ այդ, թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզիլ` ընդառաջելով իր ամերիկացի պաշտօնակից զօր. Մարթին Տեմփսիի հրաւէրին, երէկ Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Աֆղանիստանի զարգացումներուն շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը սուրիացի ժողովուրդին դէմ իր գործած ոճիրներուն համար պիտի դատուի»` նշելով, որ «Թուրքիա սուրիացի գաղթականներուն առջեւ իր սահմանները պիտի չփակէ»:
Էրտողան սուրիացի գաղթականներու վիճակին ծանօթանալու համար Քիլիս նահանգ տրուած այցելութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «Աստուծոյ կամքով Սուրիոյ մէջ ուշ կամ կանուխ փոփոխութեան հոլովոյթը պիտի սկսի»` յիշեցնելով, որ «բոլոր բռնակալները աշխարհէն սեւ խարանով մեկնեցան»:
«Մինչեւ Սուրիոյ մէջ ժողովուրդի կամքի յաղթանակը պիտի շարունակենք մեր սուրիացի եղբայրներուն իրաւունքները պաշտպանել, զանոնք ընդունիլ եւ հիւրընկալել, եւ դռները անոնց դիմաց պիտի չփակենք», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «բոլոր անոնք, որոնք վայրագ ճնշումի տակ կը տառապեցնեն, սուրիացի ժողովուրդին կողմէ հաշուետուութեան պիտի կանչուին»:
Էրտողան ըսաւ, որ «Թուրքիա աշխուժ աշխատանք կը տանի աշխարհի ուշադրութիւնը իր հողամասերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն կացութեան վրայ հրաւիրելու համար, որպէսզի անոնց օժանդակութիւն տրամադրուի»` աւելցնելով, որ «Անգարա այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի Արաբական լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հետ համակարգում կը կատարէ»:


