Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ – Շանվիլ` 1-1

Անիպալ Զահլէ - Շանվիլ երէկուան մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ` Զահլէի մէջ: Մրցումին ընթացքին Անիպալ Զահլէ հիւրընկալեց Շանվիլը: Վերջինս, որ առաջին մրցումին 84-69 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկ 90-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1): Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 25-17, 41-43, 56-68 եւ 81-90: Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 26 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ:

Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 11 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին: Շանվիլի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES