«Եու. Է. Էֆ. Ա.ն Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Վստահած Է Կատարել Մարզչական Այս Բարձրագոյն Դասընթացքը» Կ՛Ըսէ Ֆլեմինկ Սերիցլեւ

Ֆլեմինկ Սերիցլեւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 7 մայիսին սկսաւ մարզչական բարձրագոյն «Փրօ» արտօնագիրի դասընթացքին:

Իր պաշտօնական կայքէջին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղադրեց այս դասընթացքին գլխաւոր պատասխանատու, Եու. Է. Էֆ. Ա.ի թեքնիք պատասխանատու, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ֆլեմինկ Սերիցլեւի կատարած յայտարարութիւնը, որուն կարեւոր բաժինը կու տանք ստորեւ.

«Եու. Է. Էֆ. Ա.-ին կողմէ «Փրօ» արտօնագիրը ամէնէն բարձր մարզչական արտօնագիրն է, որ կը տրուի: Կան երեք տեսակի արտօնագիրներ. «Պի.», «Էյ.», «Փրօ»: Այն մարզիչները, որոնք «Փրօ» արտօնագիր կը ստանան, իրաւունք կ՛ունենան ամէնէն բարձր մակարդակով աշխատելու Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի անդամ բոլոր երկիրներու մէջ: Այս դասընթացքին իրաւունք ունին մասնակցելու միայն այն մարզիչները, որոնք նուազագոյնը ունին մարզչական «Էյ.» կարգի արտօնագիր եւ միեւնոյն ժամանակ կը զբաղին գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւններով եւ կամ անոր մօտ են: Դասախօսութիւնները պիտի տրուին իւրաքանչիւր ամիս, երկուքէն երեք օր` նկատի ունենալով, որ դասընթացքին կը մասնակցին 12 գլխաւոր մարզիչներ: Յիշատակութեան արժանի է այն կէտը, որ Հայաստան ունի ֆութպոլի շատ լաւ ակադեմիա, որուն ենթակառուցուածքը չափազանց յարմար է մարզչական դասընթացքներ կատարելու համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES