Նախարար Սապունճեան Այցելեց Ատնան Մանսուրի

Նախարարներ Մանսուր եւ Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան նախանցեալ օր այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի եւ Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ:

Հանդիպումէն ետք նախարարներ Սապունճեան եւ Մանսուր հրաւիրեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը:

Ասուլիսին ընթացքին Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մանսուրի, որ ընդառաջած էր իր առաջարկին եւ հրաւիրած բոլոր արաբ դեսպանները, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել ճարտարարուեստի մարզը յուզող հարցերը:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցան բոլոր այն խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն լիբանանեան արտադրութեան դէպի արաբական երկիրներ արտածումը:

«Մենք մեր մտահոգութիւնները ներկայացուցինք արաբական երկիրներու դեսպաններուն, որոնք խոստացան հարցը քննարկել, եւ մենք կը մաղթենք, որ այդ հարցը մօտիկ ապագային լուծուի», ըսաւ ան:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է լիբանանեան արտադրութիւնը հասցնել արաբական աշխարհ: Ան հաստատեց, որ այդ հարցը քաղաքական չէ, «ընդհակառակն` մենք կը քաջալերենք իրարու միջեւ ճարտարարուեստի ու առեւտուրի մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացումը եւ արաբական երկիրներուն կու տանք փոխադարձ յարաբերութեան զարգացման առաջնահերթութիւնը», աւելցուց ան:

Share this Article
CATEGORIES