Միքաթի Դրուատեց Քաղաքապետական Ընտրութիւնները

Տըննիէի բարգաւաճման ծրագիրներուն վերաբերող նիստին բացումը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Տըննիէի բարգաւաճման վերաբերող շարք մը ռազմավարական քարտէսներ յայտարարելու հանդիսութեան. ծրագիրները ՄԱԿ-ի բարգաւաճման բաժանմունքի աշխատանքներուն մաս կը կազմեն եւ պիտի իրականանան Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի կառավարութիւններուն ֆինանսաւորումով:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական կեանքը շատ լաւ վիճակի մէջ է:

«Այս իրականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ ժողովրդավարական վարչակարգին, հակառակ երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական եւ ապահովական մնայուն հարցերուն ու տագնապներուն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի դրուատեց Լիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական մասնակի ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ լիբանանցին միշտ ալ կը ջանայ հանդարտ եւ ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ կայացնել ընտրութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետը ընդգծեց նաեւ քաղաքապետական աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ անիկա մեզի կ՛առաջնորդէ դէպի վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւն, որուն իրագործումը խոստացուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրով:

Նշենք, որ այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ, Լիբանանի մէջ Պելճիքայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններ Քոլեթ Թաքի, Ճիուզեփէ Մորապեթօ, Խուան Քարլոս Կաֆօ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատու Ռոպըրթ Ուաթքինզ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ եւ Տըննիէի ու Թրիփոլիի քաղաքապետեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու:

 

Share this Article
CATEGORIES