Սպանիա Իր Ուժերուն 20 Առ Հարիւրը Պիտի Հեռացնէ Լիբանանէն

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Փետրօ Մորինես շեշտեց, որ Սպանիա յանձնառու կը մնայ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցող իր զօրամասը 20 առ հարիւրով նուազեցնելու գաղափարին:

Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Սպանիա իր բոլոր ուժերը պիտի հեռացնէ Լիբանանէն` եւրոպական այլ երկիրներու հետ գործակցաբար:

Share this Article
CATEGORIES