«Հանրապետութեան Նախագահը Սահմանադրութիւնը Կը Խախտէ, Իսկ Ժոմպլաթ Պէ՛տք Է Լուռ Մնայ» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարած իր հերթական նիստին ընթացքին քննարկեց ելեւմուտքի մարզին վերաբերող թղթածրարը:
Նախագահելէ ետք համախմբումի նիստին` երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պատասխանատու է 8,900 միլիառ լ. ոսկիի օրինագիծին ստորագրութեան մէջ թերանալուն, որովհետեւ անիկա սահմանադրութեան խախտում է:
Իր խօսքը ուղղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք ճշմարտութենէն դուրս բան չ՛ըսեր` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ պէ՛տք է համեստ եւ լուռ մնայ:
Ակնարկելով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին` զօր. Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը իրմէ խնդրած էր զօրակցիլ համամասնական դրութեան:
«Ես հարց չունիմ, եթէ Ժոմպլաթ զիս ընտրեց յարձակումներ գործելու, սակայն կրնանք նաեւ քննել գաղթականներու յատուկ սնտուկին թղթածրարը` տեսնելու համար, թէ ո՛վ հատուցում ստացաւ», ըսաւ զօր. Աուն:

