Պըրրի – Ապու Ֆաուր Հանդիպում

Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները արդիւնաւէտ են` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն վերաբերող բոլոր հարցերը պէտք է քննարկել:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է հիմնուի բոլորին միասնականութեան վրայ` ապահովելով արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համար ազգային հաւասարակշռութեան պահպանում:

Ան կոչ ուղղեց վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ ապահովելու բոլորին միջեւ ազգային ըմբռնումը, որովհետեւ ընտրական օրէնքը կարելի չէ վաւերացնել` առանց լիբանանեան ազգային համախոհութեան:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ քաղաքական միջին դիրքորոշումի մէջ է, սակայն լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը մերժեն այդ իրողութիւնը եւ կը փափաքին, որ Ժոմպլաթ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողքին ըլլայ:

«Բայց եւ այնպէս, միջին դիրքորոշումի վրայ ըլլալ չի նշանակեր, որ պէտք է ջնջենք մենք զմեզ` ապահովելու համար այս կամ այն քաղաքական ուժին շահերը», ըսաւ ան:

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ բրիտանացի երեսփոխան Ճորճ Կալըուէյ` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES