Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Հայր Ղարիոսի Առեւանգումը

Նախագահ Սլէյման` ասորիական պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց նախանցեալ գիշեր Պաալպեքի մէջ հայր Մարուն Ղարիոսը առեւանգելու արարքը: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ այն իրականութեան, որ քաղաքացիական անվտանգութեան հսկող կողմերուն ջանքերով հոգեւորականը շուտով ազատ արձակուեցաւ, սակայն այդ արարքը խստիւ դատապարտելի է, ընդվզեցուցիչ եւ մարդոց զգացումները շանթաժի ենթարկող:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը ճիգ չխնայէ վարդապետը առեւանգողները ձերբակալելու առումով` աւելցնելով, որ հարկ է կեդրոնանալ երկրին ապահովութեան, կայունութեան, ազգային միասնականութեան պահպանումին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ:

Հայր Ղարիոսի առեւանգումին հարցով նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, որ դատապարտեց այդ արարքը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը:

Նախագահական պալատ այցելեցին կենսոլորտի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարներ Նազեմ Խուրի, Մարուան Շարպել եւ Ֆայսալ Քարամէ, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր պիտի նախագահէ Պաապտայի մէջ կառավարութեան գումարելիք նիստին:

Share this Article
CATEGORIES