Մասնակցի՛Նք Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Նուիրուած Ռատիոթոնին, Ամրապնդե՛նք Ու Երաշխաւորե՛նք Ձեռք Բերուած Յաղթանակը

Այսօր` չորեքշաբթի, 9 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Վանայ ձայն»-էն տեղի պիտի ունենայ «Արցախ ֆոնտ»-ի ռատիոթոնը, որուն մասնակցելու կոչուած է համայն լիբանանահայութիւնը, թէկուզ խորհրդանշական գումարներով: Ազատագրական վճռակամ պայքարներով եւ մեծ զոհողութիւններով ազատագրուած Արցախի ու Շուշիի յաղթանակները կը պատկանին համայն հայութեան, որ այսօր Արցախի պետութեան տարած մեծ աշխատանքին նեցուկ կանգնելու եւ Արցախի հզօրացման ու բարգաւաճման մասնակից դառնալու մեծ պատասխանատուութեան տակ կը գտնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել հայութեան զաւակներուն կեանքերը արժած յաղթանակը: Ուստի, այսօր իւրաքանչիւր լիբանանահայու հոգիին պարտքն ու ազգային պարտականութիւնն է թէկուզ խորհրդանշական գումարով մասնակից դառնալ այս ռատիոթոնին, որուն մասնակցելու համար կարելի է կապուիլ հեռաձայնի այն թիւերուն, որոնք այսօր պիտի յայտարարուին «Վանայ ձայն»-էն:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամներ Բենիամին Պչաքճեանի եւ Մելքոն Յակոբեանի հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

«ԱԶԴԱԿ».¬ Ընդհանուր գիծերու մէջ նախ անդրադառնանք Արցախի մէջ ցարդ «Արցախ ֆոնտ»¬ի ծաւալած աշխատանքներուն եւ իրականացուցած ծրագիրներուն:

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔԵԱՆ.¬ «Արցախ ֆոնտ»¬ը նախապէս կը գործէր «Արցախի օժանդակութեան մարմին» անունին տակ. անիկա իր գործունէութեան սկսած էր Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն: Օրին լիբանանահայութեան օժանդակութիւնը կը հասցուէր Արցախին, ըլլայ ատիկա դեղօրայք, հագուստեղէն, բժշկական սարքեր եւ այլն: Ասոնք լիբանանահայութեան ճիգերով հաւաքուած եւ ուղարկուած են Ղարաբաղ: Սակայն յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին բոլորովին այլ մտահոգութիւններ յառաջ եկան, գաղթականներ կային, պէտք էր երկիրը ենթակառոյցով օժտել, ժողովուրդի առօրեային հասնիլ, խաղաղութեան մէջ պետականութիւնը հիմնել, հզօրացնել, տնտեսութիւնը զարգացնել: Այլ խօսքով, այսօր Ղարաբաղը ունի նորաստեղծ պետութեան մը բոլոր յատկանիշները, հարցերը, մարտահրաւէրները: Ատոր համար Արցախի օժանդակութեան գաղափարէն դուրս եկանք, եւ մեկնելով այն սկզբունքէն, որ այս երկրի պահպանումն ու հզօրացումը համազգային գործ է, անցանք Արցախի պետականութեան հզօրացման մասնակցութեան. ո՛չ թէ օժանդակութիւն կը մատուցէ լիբանանահայութիւնը, այլ մասնակից կը դառնայ պետականութեան հզօրացման, ըլլայ վերաբնակեցման, ըլլայ առողջապահութեան եւ այլն: Օրէ օր մեր գործունէութեան դաշտը սկսաւ ընդլայնիլ. մենք 2006-ին սկսանք «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին, որուն նպատակը Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ ապրողներուն կենսամակարդակը բարձրացնելն ու բազմածնութիւնը քաջալերելն էր` երրորդ զաւակ ունեցող ընտանիքին կով մը տրամադրելով: Այսօր Ղարաբաղի ազատագրուած տարածքներուն, յատկապէս Շահումեանի եւ Քաշաթաղի մէջ շուրջ 600 կով բաժնած ենք` 600 ընտանիքի: Այս ծրագիրի իրականացման համար գումարները հիմնականօրէն կը հաւաքուին լիբանանահայ պարզ ժողովուրդէն, եւ անոնք Ղարաբաղ կ՛ուղարկուին մեր տղոց ճամբով, որոնք նաեւ կ՛երթան ու կը հետեւին ծրագիրի իրականացման:

Տարիներու ընթացքին գործունէութեան նոր շերտաւորումներ բացուեցան մեր դիմաց, ի յայտ եկաւ, որ պէտք է օժանդակենք կրթական համակարգին. Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանին մէջ կայ շուրջ 94 գիւղ, որոնց 60-ը արդէն դպրոցներ ունին: Այդ դպրոցներէն ոմանք կահաւորման եւ սարքերու կարիք ունին: Այդ մէկը կատարելու համար մենք դիմած ենք լիբանանահայ աշակերտութեան, որոնց խորհրդանշական բաներ վաճառելով գումարներ կ՛ապահովենք եւ զայն կը յատկացնենք «Գոյք Արցախի դպրոցներին» ծրագիրին: Ցարդ մենք արդէն սարքաւորած ենք շուրջ 6 դպրոց, զանոնք օժտած ենք համակարգչային սրահներով:

Ունինք այլ մարզ մը նաեւ` հանրային առողջապահութիւնը. այդ գիւղերը շրջելով մեր երիտասարդները որոշ մտահոգութիւններ փոխանցեցին այդ շրջաններու նախնական առողջապահութեան առնչութեամբ: Նկատի ունենալով, որ տակաւին ենթակառոյց գոյութիւն չունի, շատ դժուար պայմաններ կան, ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը կը գտնուի շուրջ 100-110 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ոեւէ օձի խայթուածք կամ ոսկորի կոտրտուք երբեմն մահացու կ՛ըլլայ:

Մտածեցինք կարելի եղածին չափ օժանդակել: Նախանցեալ տարի 50 գիւղերու անմիջական բուժօգնութեան սարքաւորումներ տրամադրեցինք` դասախօսական շարքով մը բացատրելով անոնց գործածութեան ձեւերը: Այդքանով չբաւարարուեցանք. նախորդ տարի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին հետ համախորհուրդ մենք կրցանք նախազգուշական դասընթացքներ ներկայացնել այդ շրջանի բնակիչներուն` տարբեր մարզերու վերաբերող:

Մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած չէ միայն վերաբնակեցման ծիրին մէջ, այլ նաեւ այդ շրջանի բնակչութեան առօրեային հետ կապուած կը փորձենք իրենց կենսամակարդակը բարձրացնել, կեանքը աւելի տանելի դարձնել: Մենք նոյնիսկ մշակութային նախաձեռնութիւններու կ՛օժանդակենք: Նաեւ պատրաստ ենք որեւէ առաջարկ ընդունելու, որեւէ նախաձեռնութեան մասնակից դառնալու:

ՄԵԼՔՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Յիշենք նաեւ ռազմամարզական ճամբարը, որ վերջին երկու տարիներուն տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, ամրան շրջանին: Երկու տարի առաջ, երբ մեր հրաւէրով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանը այցելած էր Լիբանան, երկրորդական վարժարաններու վերջին դասարաններու աշակերտները եւս հրաւիրեց իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ճամբարին: Առաջին տարին 11 աշակերտ մասնակցեցաւ, երկրորդ տարին` 16. մթնոլորտը այնքան խրախուսիչ է, որ ներկայիս եւս մեծ թիւով աշակերտներ կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել: Տակաւին ունինք տարբեր տարբեր ծրագիրներ:

«Ա.».- Այսօր տեղի պիտի ունենայ «Արցախ ֆոնտ»-ի ռատիոթոնը, որ նուիրուած է Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին: Ինչո՞ւ այս առիթով տեղի կ՛ունենայ այս նախաձեռնութիւնը:

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Շուշին մեծ կարեւորութիւն ունի համայն հայութեան համար, անիկա բանալի քաղաք է, նաեւ պորտակապն է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ: Շուշին նաեւ կրթական, մշակութային եւ յեղափոխական մեծ կեդրոն եղած է մեր պատմութեան ընթացքին, եւ դժբախտաբար վերջին տասնամեակներուն գրեթէ հայաթափուած էր: Շուշիի ազատագրութեամբ մենք վերականգնեցինք մեր արժանապատուութիւնը, մեր պատմական իրաւունքները եւ ռազմավարական իմաստով մենք Հայաստանը կրցանք հողային ճամբով կապել Արցախին: Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը բանալի թուական էր. այս առիթով է, որ մենք կը դիմենք մեր ժողովուրդին. ընդհանրապէս տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէինք, իսկ այս տարի կը միտինք ռատիոթոնի միջոցով մեր ժողովուրդը մասնակից դարձնել մեր աշխատանքներուն:

Ռատիոթոնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն: Մեր ժողովուրդը պէտք է հետեւի «Վանայ ձայն»-ին, որուն հաղորդումներուն ճամբով մենք պիտի անդրադառնանք մեր գործունէութեան տարբեր մարզերուն, մեր գործունէութեան մասնակից անձեր եւ կազմակերպութիւններ խօսք պիտի առնեն:

«ԱԶԴԱԿ».- Այս առիթով` ձեր կոչը լիբանանահայութեան:

Մ. Յ.- Այս առիթով մենք կը դիմենք մեր ժողովուրդին, որպէսզի անպայման մասնակից դառնայ այս աշխատանքին, որ մեծապէս կը նպաստէ Արցախի պետականութեան հզօրացման: Կարելի է խորհրդանշական գումարով մը մասնակից դառնալ, գումարը կարեւոր չէ, այլ` մասնակցութիւնը, որովհետեւ Արցախը կը պատկանի ո՛չ թէ արցախահայութեան, այլ բոլորիս: Մեր պատմութիւնը լի է դժբախտ դէպքերով եւ ողբերգութիւններով, ասիկա այն հպարտալի առիթներէն է, երբ հայութիւնը ճակատաբաց կրնայ ըսել, որ վերատիրացանք մեր իրաւունքներուն: Կարեւոր է, որ այդ իրաւունքներուն տէրը ըլլանք եւ ոչ թէ հոն ապրողները ձգենք իրենց ճակատագիրին` սպասելով արտաքին լուծումներու:

Որքան յաւելեալ գումար հաւաքուի, այնքան մենք կարելիութիւն կ՛ունենանք ընդարձակելու մեր գործունէութեան դաշտը: Այսօր կարիքները շատ շատ են, կարելի չէ բոլորը թուել: Պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ այս երկիրը 70-80 տարի ապրած է Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ, դիմագրաւած է ազրպէյճանական լուծը, անոր հայաթափման քաղաքականութիւնը, մանաւանդ որ Ազրպէյճան մնայուն կերպով փորձած է արգելք հանդիսանալ տնտեսապէս, կրթական, ապահովական իմաստով Արցախի զարգացման, որպէսզի անիկա յետամնաց մնայ: Բայց հակառակ այս բոլորին, այսօր Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է, 20 տարուան ընթացքին շատ մեծ յառաջընթաց կայ, Ստեփանակերտը այսօր կարելի է բաղդատել Երեւանի հետ, տարբեր եկեղեցիներ վերականգնած են, հաղորդակցութեան միջոցները Լիբանանէն աւելի լաւ են, պետական կառոյցները լրջօրէն կը հետեւին հարցերուն, կազմակերպուած ու պատրաստուած են: Սակայն այս բոլորին կողքին կայ նաեւ շատ ընելիք, այսօր կայ կարողականութիւնը այդ շրջանին, անիկա կրնայ ամբողջ Հայաստանի սնունդի շտեմարանը ըլլալ, բայց պէտք է այդ շրջանները վերաբնակեցնել, երկրագործութիւնը քաջալերել:

Բ. Պ.- Արցախը ոտքի, կայուն եւ յաղթանակի տէր պահելը համազգային ճիգ կ՛ենթադրէ, կարելի չէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պետութիւններուն ուսերուն ձգել ամէն ինչ: Մեր ռատիոթոնը այդ ճիգին մաս կը կազմէ, անիկա կը միտի մասնակից դառնալ կերտուած յաղթանակի երաշխաւորման ճիգերուն: Բոլորս լաւապէս կը գիտակցինք, որ Լիբանանի մէջ եւս տնտեսական ու ընկերային տագնապներ կան, բայց Արցախը եւս հայութեան կողմէ նեցուկի ու ուշադրութեան կարիք ունի: Եթէ կարենանք այդ տարածքը տնտեսական, ժողովրդագրական ու ապահովական իմաստով կայուն ու գրաւիչ դարձնել, այդ պարագային որեւէ պատերազմ կամ բանակցութիւն չի կրնար տապալել մեզ: Պէտք է խօսքի սահմանէն անդին անցնիլ եւ լծուիլ գործի: Ո՛չ ոք պէտք է ըսէ, թէ այս աշխատանքը կամ մասնակցութիւնը իրեն չի վերաբերիր, պետութեան գործ է, մանաւանդ որ հոն կան մեծ մարտահրաւէրներ եւ հարցեր, որոնց լուծման մասնակից դառնալու համար մենք ընելիք ունինք, պետութիւնը մեծ աշխատանքի ձեռնարկած է արդէն, մեզի կը մնայ մեր ներդրումով նեցուկ կանգնիլ անոր: Տակաւին կայ այն, որ այս երկիրը միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ, որ կարենայ տարբեր տեսակի կարելիութիւններ ունենալ: Այս երկիրը յանձնուած է հայութեան. եթէ հայութիւնը տէր է իր ինչքերուն, իրաւունքին, այս երկիրը կը գոյատեւէ ու կը հզօրանայ, իսկ եթէ պիտի սպասենք, որ մոգական գաւազանով այս երկիրը ծաղկի, գրաւիչ դառնայ, գաղթականները վերադարձնէ իր գիրկը, առանց մեր որեւէ տեսակի մասնակցութեան, այդ մէկը երեւակայական է, պետութեան ուժերէն շատ վեր է, մանաւանդ որ պետութիւնը արդէն ունի սահմանային պաշտպանութեան բաւական ծանր բեռը:

Մեր կոչն է ամբողջութեամբ մասնակցիլ այս ռատիոթոնին եւ ցոյց տալ լիբանանահայութեան մասնակցութեան տարողութիւնը:

Նշենք, որ «Վանայ ձայն» պիտի չկապուին ռատիոթոնի մասնակիցները, այլ այն թիւերուն, որոնք պիտի յայտարարուին չորեքշաբթի օր, նուիրատուները կրնան նաեւ «էս.էմ.էս.» ուղարկել, անձամբ ներկայանալ «Շաղզոյեան» կեդրոն, «Արցախ ֆոնտ»-ի գրասենեակ, երրորդ յարկ:

Share this Article
CATEGORIES