«Հայ-Թրքական Կարգաւորումը Հիանալի Պիտի Ըլլար, Սակայն Անիկա Անկարելի Է» Կ՛Ըսէ Պրայզա

Մեթիու Պրայզա

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզա «Ճէյմսթաուն» հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին քննադատած է ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ նախագահ Պարաք Օպամայի վարած քաղաքականութիւնը` յայտնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ շատ ժամանակ մսխած է` ի վնաս ղարաբաղեան տագնապին: «Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Ուաշինկթըն շեղած է իր ճամբէն», ըսած է ան:

Պրայզա ըսած է, որ Օպամայի վարչակազմը իր ամբողջ եռանդը ներդրած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու համար ոչ մէկ ջանք թափած է: Ըստ անոր, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը անկարելի է առանց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթի յառաջընթացի:

«Հայ-թրքական կարգաւորումը հիանալի պիտի ըլլար, սակայն անիկա անկարելի է, աւելի՛ն` անիկա բացասաբար կ՛ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան հոլովոյթին վրայ», ըսած է ան` ընդգծելով, որ «կարեւոր չէ, թէ մենք ինչքան հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերահաստատում կը ցանկանք, միեւնոյնն է, մենք ոչինչի հասած ենք»:

Պրայզա նաեւ համոզուած է, որ Ազրպէյճան զինուորական գործողութիւններու պիտի չդիմէ: «Բայց եւ այնպէս, եթէ բանակցութիւններուն մէջ սառոյցը չհալի, ճակատումի հաւանականութիւնը պիտի աճի», նշած է ան:

Պրայզա նաեւ ընդգծած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան բացակայութեան փաստը` նշելով, որ շատ բան Միացեալ Նահանգներէն կախեալ է:

Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ Պրայզա ըսած էր, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ ղարաբաղեան տագնապի լուծումով:

 

Share this Article
CATEGORIES